
Սանթա Քլարիթայի Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ օծման երկրորդ տարեդարձին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ ի ներկայութիւն մեծ թիւով հաւատացեալներու, Շաբաթ, Փետրուար 4ի երեկոյեան, Թահանկայի «The Great Caesar» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք-ճաշկերոյթ մը:
Օրուան հանդիսավարներ Մելիա Թապաքեան եւ Ուիլեըմ Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթեցին առաջնորդին եւ յարգարժան հիւրերուն: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան: Բարեբաստիկ այս առիթով, յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին ծխական խորհուրդի ատենապետ Մանօ Սէքիւնեան, նախկին ատենապետ եւ ներկայիս Ծխական անդամական ժողովի ատենապետ Ճան Թունկայեան, տիկնանց միութեան ատենապետ Յասմիկ Թապախեան եւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան: Տէր հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որուն հայրական հոգածութեան շնորհիւ ծուխը տիրացած էր եկեղեցւոյ եւ համալիրին, ուր հաւատացեալներ իրենց աղօթքը կը մտուցանեն, իսկ մեր մատղաշ սերունդը կը դաստիարակուի Հայ եկեղեցւոյ հաւատքով, հայեցի կրթութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Պապ Պարսամին, ծխական խորհուրդին, տիկնանց միութեան, յարակից բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ համայն հաւատացեալներուն, իրենց զօրակցութեան համար: Եկեղեցւոյ «Հայաստան» պարախումբը հայկական աւանդական տարազներով ու հեզաճկուն պարերով հրճուանք պատճառեց հանդիսականներուն:
Տեղի ունեցաւ նաեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին առաջնորդը տուաւ իր ոգեշունչ պատգամը: Առ ի գնահատութիւն ծուխէն ներս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող Կարօ Գուրեանին, առաջնորդը զայն պատուեց «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ով:
Նաեւ, ծուխէն ներս զանազան պաշտօններ վարած եւ անձնուէր ծառայութիւն մատուցող Ճան Թունկայեանը, Լիտա Վահրամեանը, Ռաֆֆի Հատտատը, Այտա Էսքիճեանը, Մարալ Սապունճեանը, Յարութ Սողոմոնեանը եւ տէր եւ տիկին Արթուր եւ Ժոզէֆինա Մաղաքեաններ արժանացան առաջնորդի օրհնութեան եւ գնահատանաց գիրին:
Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ, Կիրակի, Փետրուար 5ի առաւօտեան, առաջնորդը Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց: Պատարագի ընթացքին սրբազանը սարկաւագ ձեռնադրեց եկեղեցւոյ մէջ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող Սուրէն Ներսիսեանը:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալները առիթը ունեցան անձամբ ողջունելու առաջնորդ սրբազան հայրը եւ արժանանալու իր օրհնութիւններուն: