
ՊԵՐԼԻՆ.– Փետրուար 11ին Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ գեղեցկութեան թագուհիի ընտրութիւն, որուն մասնակցեցան ընտրական առաջին հանգրուանը շրջանցած 23 թեկնածուներ։ Գերմանիոյ գեղեցկութեան թագուհի ընտրուեցաւ 21ամեայ Իզապէլ Կիւլգ:
Գեղեցկութեան մրցումի դատական կազմին մաս կը կազմէր նաեւ Գերմանիան ներկայացնող հայ բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամը: Հայ բռնցքամարտիկէն բացի, Գերմանիոյ այս տարուան գեղեցկուհին ընտրելու առիթ ունեցած են ֆութպոլի նախկին մարզիչ Ռայներ Գալմունտ, կիներու բռնցքամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Ռեկինա Հալմիխ, երգչուհի Ռոզ Անթոնի եւ այլ անձնաւորութիւններ։