
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հետ կայացած զրոյցին ընթացքին նախարարը յայտնեց, թէ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան պետական հայկական դրամատիկական 150ամեայ թատրոնի շէնքը արդէն իսկ կը վերանորոգուի: Նախարարին համաձայն, վրացական կողմին հետ պիտի իրականացուին շարք մը աշխատանքներ, եւ չի բացառուիր, որ այդ ծրագիրներուն ծիրին մէջ տարբեր առիթներով հայկական կողմէն պատուիրակութիւններ ուղղուին Վրաստան:
Մշակոյթի, յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութիւնը Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական պետական դրամատիկական թատրոնի շէնքի վերանորոգման համար յատկացուցած է 1.2 միլիոն տոլար: Շէնքը կը գտնուի վտանգուած վիճակի մէջ. ուստի, զայն ոչ միայն պէտք է վերանորոգել, այլ նաեւ ամրակայել։
Նշենք, որ Թատրոնի շէնքը կառուցուած է 1936ին եւ վերանորոգուած է միայն մէկ անգամ: