
ԷՋՄԻԱԾԻՆ.– Նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներու, Փետրուար 15ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնի առիթով գումարուող քահանայից աւանդական տարեկան հաւաքը, որուն կը մասնակցէին շուրջ երկու հարիւր երեսուն եկեղեցականներ, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը բերեն Մայր Աթոռի կառոյցներուն, վանքերուն, Հայաստանի ու Արցախի թեմերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Սփիւռքի հայոց թեմերէն: Ժողովին քննարկման նիւթն էր «Քահանան՝ եկեղեցական-հասարակական աշխատանքի հիմնական դերակատար»:
Առաւօտեան հոգեւորականաց դասը Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցաւ Արեւագալի ժամերգութեան, որմէ ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ:
Ժողովին բացումը կատարեց հաւաքի կազմակերպիչ, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեան: