ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ անգործութեան ապահովագրութենէն օժանդակութիւն ստանալու առաջին անգամ դիմում կատարողներուն թիւը 13,000ով նուազած է անցեալ շաբաթ՝ հասնելով 348,000ի, ինչ որ նուազագոյն թիւն է Մարտ 2008էն ի վեր: Այս տուեալին չորս շաբաթեայ միջինը եւս 1750ով նուազելով՝ իջած է 365,250ի, ինչ որ իր կարգին՝ նուազագոյն մակարդակն է Ապրիլ 2008էն ի վեր:
Նոյն օրը նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին բնակարաններ կառուցելու ծրագիրները եւ արտադրութեան մարզը նոյնպէս աշխուժացած են: