
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արձակագիր Էդկար Կոստանդեանի համաձայն, թատերագիր, հրապարակախօս Վահրամ Սահակեան մօտ հինգ օրէ ի վեր կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ։ Ան կը տառապի ուղեղի բորբոքումէ: Ըստ Սահակեանի ընկերոջ՝ Կոստանդեանին, անոր ինքնազգացողութիւնը վատթարացած է, թէեւ ան մնայուն կերպով հիւանդանոց չէ տեղափոխուած, սակայն պարբերաբար կ՛այցելէ՝ բուժուելու համար։ Անոր վիճակը միջին ծանրութեան է ու կեանքին վտանգ չի սպառնար։ «Բժիշկները դեռ կոնկրէտ ոչ մի բան չեն ասում: Եթէ այնքան լրջանայ, որ ոչ մի բան այստեղ չկարողանան անել, ի հարկէ կը տանենք արտասահման», ըսաւ Էդկար Կոստանդեան, որուն համաձայն, Սահակեան նախապէս նման հիւանդութիւն չէ ունեցած:
Նշենք, որ Էդկար Կոստանդեան Փետրուար 17ին իր kostandyanblog-ին մէջ գրած է, որ Վահրամ Սահակեանի vraert.com կայքէջը անորոշ ժամկէտով դադրած է գործելէ՝ հեղինակին ծանր հիւանդութեան պատճառով: Կասեցուած են նաեւ անոր էջերը հասարակական բոլոր ցանցերուն մէջ: