ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամերիկացի նշանաւոր բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի բանբերը հերքած է թրքական եւ հայկական մամուլին մէջ հրատարակուած այն լուրը, թէ Սփիլպըրկ կը պատրաստուի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը բեմադրելու։ Պատասխանելով թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթի թղթակիցի հարցումին՝ Սփիլպըրկի բանբեր Մարվին Լեւի ըսած է, որ լուրը անհիմն է. որեւէ հաստատութիւն իրենց հետ կապ հաստատած չէ այդպիսի ժապաւէնի մը պատրաստութեան համար:
Երբ թերթին աշխատակիցը Լեւիին հարցուցած է, թէ Աթաթիւրքի մասին նոր ժապաւէն մը պատրաստելը կրնա՞յ Սփիլպըրկի համար հետաքրքրական թուիլ, ան պատասխանած է, որ այս մասին Թուրքիայէն որեւէ առաջարկ չէ ներկայացուած տակաւին: «Ներկայիս Սփիլպըրկ Լինքընի մասին ժապաւէն մը կը պատրաստէ։ Աթաթիւրքն ալ ձեր ազգային հերոսն է եւ աշխարհը պէտք է աւելի շատ բան իմանայ անոր մասին։ Ուրեմն չեմ կրնար ըսել, որ եթէ Աթաթիւրքին մասին ժապաւէն մը պիտի պատրաստուի՝ այդ ժապաւէնը պատրաստողը Սփիլպըրկը պիտի չըլլայ», աւելցուցած է Լեւի։