
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Հայ Երիտասարդներ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, Փետրուար 27ին, բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, դատապարտելու համար 24 տարի առաջ Սումգայիթի եւ Պաքուի մէջ հայերուն դէմ տեղի ունեցած ջարդերը:
Ցոյցին ընթացքին պիտի դատապարտուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ մինչեւ այսօր շարունակուող Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը:
Բողոքի ցոյցը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին, Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ, որուն հասցէն է՝ 11766 Wilshire Blvd., Los Angeles, CA 90025: