ԷՐԶՐՈՒՄ, «Արմէնփրէս».- Էրզրումի ծանր յանցագործութիւններու 2րդ դատարանը Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին քիւրտ երգիչ Հեմէ Հեճին 10 ամսուան բանտարկութեան դատապարտած է՝ իր երգերէն մէկուն մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու «յանցանքով»:
Քիւրտ երգիչին դէմ դատը բացուած էր 2010ի Նովրուզի տօնակատարութեան ընթացքին, Կարսի մէջ տեղի ունեցած համերգի մը կապակցութեամբ:
Երգիչը անհիմն կը նկատէ իր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները եւ որոշած է բողոքարկել դատարանի վճիռը: