ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատուական գործակալութիւններ կը հաղորդեն, թէ առաջին անգամ ըլլալով ամերիկեան նահանգի մը կառավարիչը յայտարարութիւն մը կատարած է Խոջալուի ջարդերուն կապակցութեամբ, երբ Նիւ Ճըրզիի նահանգապետ Քրիս Քրիսթի՝ ջարդերը անուանելով «ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ահաւոր ողբերգութիւն»: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 1992ի Փետրուար 25-26ին, հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ սպաննուած են հայ եւ ռուս զինուորներու կողմէ:
Յայտնենք, թէ Նիւ Ճըրզիի նահանգային խորհրդարանը եւս 2010ին ու 2011ին բանաձեւեր վաւերացուցած էր Խոջալուի դէպքերուն կապակցութեամբ:
Միւս կողմէ՝ ատրպէյճանցի եւ թուրք գործիչներու ծաւալած քարոզչական ապատեղեկատուական արշաւի մը հետեւանքով, Ճորճիա նահանգի խորհրդարանը եւս վաւերացուցած է Խոջալուի իրադարձութեան առնչուող թիւ 1594 բանաձեւը, ուր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունը կը կապուի ջարդերուն հետ:
«1992ի Փետրուար 25էն 26 լուսցող գիշերը, հայկական ուժերը եւ ռուսական 366րդ գունդը յարձակեցաւ ատրպեճանական Խոջալու քաղաքին վրայ եւ գազանաբար սպաննուեցան 613 խաղաղ բնակիչներ, որոնց շարքին՝ 63 երեխայ, 106 կին եւ 70 ծերունի: Անյայտ կորսուեցան նաեւ հարիւրաւոր ուրիշներ», գրուած է բանաձեւին մէջ:
Հոն նաեւ նշուած է, որ մինչ նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ դէպքերը անուանած է «վրիժառութեան արարք», Հայաստան պաշտօնապէս կը հրաժարի ընդունելէ իր պատասխանատուութիւնը կատարուածին առումով:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Փետրուար 28ին յայտարարած է, թէ Թուրքիա պիտի չմոռնայ եւ թոյլ պիտի չտայ, որ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը» մոռցուի։
«Անցեալ Կիրակի Թուրքիոյ մէջ Խոջալուի ցեղասպանութեան առնչութեամբ շարք մը միջոցառումներ կատարուեցան, եւ այդ միջոցով մենք մեր բողոքը արտայայտեցինք Խոջալուի ցեղասպանութեան դէմ։ Թուրքիա պիտի չմոռնայ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը եւ թոյլ պիտի չտայ, որ անիկա մոռցուի։ Մենք, ինչպէս միշտ, այդ հարցին մէջ Ատրպէյճանին պիտի աջակցինք», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ թուրք ժողովուրդը միշտ պիտի սգայ «Խոջալուի մէջ սպաննուած անմեղ ատրպէյճանցիներուն համար», առանց ակնարկելու միջոցառումներուն ընթացքին արտայայտուած ցեղապաշտական երեւոյթներուն։