ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան Փետրուար 29ին պիտի պարգեւատրեց Փետրուար 21ին Արագածոտնի մարզին մէջ յղի կնոջ մը օգնութեան հասած եւ ձիւնին միջէն զայն պատգարակով մինչեւ շտապօգնութեան ինքնաշարժը հասցուցած ութ հրշէջ-փրկարարները:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 21ին՝ ժամը 14.56ին յղի կնոջ հարազատները հեռաձայնած ու յայտնած էին, որ Արագածոտնի մարզի Ճարճակիս-Ալագեազ գիւղերու ճամբուն վրայ ձիւնակոյտի մէջ մնացած է քարշակ մը, որուն մէջ եղողներէն մէկը բժշկական օժանդակութեան կարիք ունի։ Իսկոյն փրկարարները հասած են նշեալ վայրը եւ ճանապարհի անանցանելիութեան պատճառով մնացած մօտ 3 քիլոմեթր ճանապարհը կտրած են քալելով:
Պարզուած է, որ հիւանդը՝ 20ամեայ Գիւլնարա Ֆարոյեանը պէտք է տեղափոխել ծննդատուն: Ժամը 16.45ի սահմաններուն հրշէջ-փրկարարները զայն պատգարակով հասցուցած են Ճարճակիս-Ալագեազ գիւղերու խաչմերուկ, ուրկէ ինքնաշարժով տեղափոխած են Ապարան քաղաքի հիւանդանոցը: