ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- «Եւրոտեսիլ»ի կազմակերպիչները ըսած են, որ Հայաստանէն տակաւին պաշտօնական փոխանցում չեն ստացած այն մասին, որ իրենք այս տարուան մրցումին պիտի չմասնակցին։
Նախորդ շաբաթ խումբ մը հայ երգիչներ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան կոչ ուղղած էին՝ երգիչ չուղարկել Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու, ուր Մայիսին պիտի կայանայ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցումը, սակայն անոնց կոչը անարձագանգ մնացած է։
«Մենք նման նամակ չենք ստացած, եւ «Հ1»ը մեզ տեղեակ չէ պահած այն մասին, որ մտադիր է չմասնակցիլ մրցումին», ըսած է «Եւրոտեսիլ»ի պատասխանատու Սիեդսէ Պաքըր:
Հեռարձակողներու եւրոպական միութիւնը մասնակցութեան դիմումներու վերջնական ժամկէտ սահմանած է Մարտ 19ը: Մինչ այդ երկիրները պէտք է որոշեն, թէ ո՛ր երգիչով ու երգով պիտի մասնակցին մրցումին:
Նախապէս, «Եւրոտեսիլ-2012»ին Հայաստանը ներկայացնող երգիչներէն հաւանական թեկնածու կը նկատուէր «Դորիանս» ռոք խումբը: