«Ակունք».- ՀԱՏԻԿ համշէնական մշակոյթի ուսումնասիրման եւ պահպանման միութիւնը կը ծրագրէ մասնաճիւղ հիմնել Անգարայի մէջ: Այս նպատակով ալ 19 Փետրուարին միութեան հիմնադիրները այցելած են Անգարա եւ հանդիպում ունեցած հոն բնակող համշէնահայերուն հետ։ Անգարայի մէջ գործող Արդուինի մշակոյթի միութեան նախագահ Գիւրբիւզ Աքիւզի կողմէ կազմակերպուած հաւաքին մասնակցեցան ՀԱՏԻԿ միութեան նախագահ Մեհմետ Ալթունքայեան, գլխաւոր քարտուղար Հիքմեթ Աքչիչեքը, ինչպէս նաեւ միութեան անդամներ եւ համշէնցի գործարարներ:
Խօսք առնողները նշեցին, որ աշխատանք կը տարուի համշէնցիներուն աւանդութիւնները, սովորութիւններն ու լեզուն պահպանելու իմաստով՝ հաստատելով, որ իրենք կը մերժեն ցեղապաշտական այն գաղափարները, որոնք կը վերագրուին համշէնցիներուն։
Գիւրբիւզ Աքիւզը յայտնած է, որ Պոլսոյ մէջ հիմնուած ՀԱՏԻԿ միութիւնը համշէնցիներուն աւանդութիւններու ու լեզուի պահպանման համար ստեղծուած է։ Արդուինի մշակոյթի միութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀԱՏԻԿ միութեան հիմնադիրներուն եւ անդամներուն՝ յուսալով։
Խօսք առած է նաեւ ՀԱՏԻԿ համշէնական մշակոյթի ուսումնասիրման եւ պահպանման միութեան նախագահ Մեհմետ Ալթունքայեան, որ ըսած է. «Սիրելի՛ համշէնցիներ, «Միասնութիւնն ուժ է ծնում» գաղափարէն մեկնելով հիմնեցինք նաեւ ՀԱՏԻԿ համշէնական մշակոյթի ուսումնասիրման եւ պահպանման միութիւնը: Կը մաղթենք, որ այդ յուզմունքն ապրէք նաեւ դուք՝ Անգարայի մէջ բնակող մեր համշէնցի եղբայրները: Մենք քաղաքական մակարդակի վրայ՝ ըլլայ ձախակողմեան կամ աջակողմեան, տարբեր եւ իրարմէ անկախ գործունէութիւն ծաւալող անձեր են, սակայն մեզ կը միացնէ մեր լեզուն եւ մշակոյթը, այդ պատճառով ալ մենք պէտք է միասնաբար գործենք»։
Մեհմետ Ալթունքայայէն ետք ելոյթ է ունեցաւ նաեւ ՀԱՏԻԿ միութեան գլխաւոր քարտուղար Հիքմեթ Աքչիչէքը: Ան եւս խօսեցաւ Համշէնի լեզուով: Ան շեշտեց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը՝ որպէս ինքնութեան պահպանման անփոխարինելի միջոց: