ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ Էլենոր Տիգրանեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով մէջտեղ բերած է յատուկ հիմնադրամ մը, որուն կատարուող նուիրատուութիւններուն շնորհիւ՝ կարելի պիտի ըլլայ աւելիով բարելաւել վարժարանի մակարդակը՝ կրթական, գիտական ու մարզական մարզերէն ներս:
Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Գէորգ Ճորճ Մանտոսեան կը յայտնէ, թէ վարժարանը ուրախ է, որ Արշակ Տիգրանեանի կինը՝ Էլենորը, վերջին աւելի քան 30 տարիներուն ընթացքին ականատես եղած է վարժարանի վերելքին, որուն շնորհիւ՝ վարժարանը յաջողած է հայ համայնքին ապագայ ղեկավարները պատրաստելու իր առաքելութեան մէջ:
Արշակ եւ Էլենոր Տիգրանեանները 1930ական թուականներէն ի վեր գործօն մասնակցութիւն բերած են Քալիֆորնիոյ հայութեան կեանքին՝ իրենց բարեգործական ներդրումը կատարելով յատկապէս կրթական, արուեստներու եւ եկեղեցական մարզերէն ներս:
Էլենոր Տիգրանեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով հաստատուած այս հիմնադրամի նուիրատուներուն անունները պիտի նշուին նոյն առթիւ հրատարակուելիք յատուկ գրքոյկի մը մէջ, ինչպէս նաեւ տեղական թերթերուն մէջ տպուելիք ծանուցումներով:
Նուիրատուութիւնները կարելի է ղրկել 1200 North Cahuenga Boulevard, Los Angeles, CA 90038 հասցէին:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար դիմել վարժարանին՝ (323) 461-4377 թիւով: