ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդիկ իրենց լաւ թէ վատ յիշատակներով կը գոյատեւեն: Այո, թէ՛ վատը եւ թէ լաւը կը յիշուին, ու իրենց այդ ժխտական կամ դրական համբաւներով յիշատակ կը թողուն մարդոց հաւաքական յիշողութեան մէջ: Սակայն բարոյական հարցը, միայն յիշուելու հետ առնչուած չէ՛, այլ լա՛ւ յիշուելուն վրայ կը դնէ իր շեշտը: Այլապէս, Ներոնն ալ կը յիշուի, սակայն միշտ ալ իր անհաւասարակշիռ միտքին արդիւնքը եղող որոշումը՝ Հռոմը վառելու, իր անունէն առաջ կը յիշուի եւ մնայուն արատ իբրեւ կ՛արձանագրուի իր անուան դիմաց:
Ազգերու պատմութիւնն ալ գրուած ժամանակ, անցեալին, պատմագիրներու պատուիրատուները իրենց վրայ կը կեդրոնացնէին այնտեղ արձանագրուելիք նիւթերը: Այնտեղ կան առհասարակ անհատներ, դէպքեր կամ անցուդարձներ, որոնք ընդհանրապէս տուեալ կեդրոնական դէմքի կեանքին հետ առնչուած կ՛ըլլան: Թագաւոր կամ թագուհի, իշխան թէ իշխանուհի, իբրեւ պատուիրատուներ տուեալ շրջանի պատմագրութեան՝ ընդհանրապէս հիմնական նիւթը կը մատակարարէին այդ պատմութեան:
Այս սկզբունքին զարտուղութիւնը կը համարուէր այն, երբ կեդրոնական այդ դէմքերէն բացի, յանկարծ յայտնուէր անսպասելի դէմք, որուն մասին ստիպուած ըլլային անդրադառնալ պատմիչներ: Այսպէս, յանկարծ կրնար հռչակաւոր աշուղ այցելած ըլլալ այդ երկիրը, որ նաեւ կրնար պալատին մէջ ելոյթ ունեցած ըլլալ, որուն ստիպողաբար պիտի անդրադառնար պատմագիրը: Սայաթ Նովայի առեղծուածային կեանքին մանրամասնութիւններն ալ նման երեւոյթ կը պարզեն: Սովորական աշուղ, որ նաեւ պալատի պաշտօնական աշուղը կը դառնայ, ու իբրեւ այդպիսին ալ կը յիշուի, եթէ միայն իր երգարուեստի փայլուն երաժշտութեամբ յիշուած չըլլար մշակութային ժառանգութեան էջերուն:
Հռչակաւոր հոգեհմայ մըն ալ կրնար եկած ըլլալ շրջակայ երկիրներէն ու իր արուեստով զարմացուցած այդ երկրի բնակիչները, մինչեւ իսկ շատեր՝ իր կախարդանքին ենթարկած: Այս ալ ուրիշ պարագայ է, որուն չէր կրնար չանդրադառնալ պատմագիրը: Վերջապէս պատմութեան էջերը ինչպէ՞ս կը լեցուին: Միայն բարի ու դրական նիւթեր չեն ըլլար այնտեղ: Պատերազմներ, խռովութիւններ, մատնութիւններ, ջարդ ու սպանդ նաեւ մաս կը կազմեն պատմութեան: Աշխարհի ամէնէն բարի գիրքը, որ նաեւ «Բարի Լուր» կը կոչուի տարբեր լեզուներով, Սուրբ Գիրքն է, որուն մէջ ալ անպակաս են պատերազմներու սարսափներ, վրէժխնդրութեան դառնագին հետեւանքներ, մինչեւ իսկ մատնութիւն, եւ այն ալ՝ Աստուծոյ Որդիին հանդէպ…:
Կան այնպիսի անձեր ալ, որոնք կամովի՛ն չեն ուզեր յիշուիլ պատմութեան մէջ: Սա անպայման համեստութեան հետ կապուած չէ՛, որովհետեւ կեղծ համեստութեան օրինակները այնքան բազմացած են, որ կարելի չէ այլեւս իսկական համեստը ճարել՝ վստահելով անոր խօսքին անկեղծութեան: Երբեմն Քրիստոսի անունով համեստացողներու ետին կարելի է տեսնել սադայէլի ամբարտաւանութեան շապիկը հագած արկածախնդիրներ, որոնք խորքին մէջ «ուր հաց, անդ կաց»ի անձնական հաշիւներով յառաջ կ՛երթան: Կան նաեւ ասոնց ծոյլ տեսակները: Առակը կ՛ըսէ. «æայլամին ըսեր են՝ «թռչէ՛, գնա՛», ըսեր է՝ «ես ուղտ եմ, բեռ պիտի կրեմ»: Ապա ըսեր են՝ «եկո՛ւր, բեռ կրէ՛», պատասխաներ է՝ «ես թռչուն եմ, պիտի թռչիմ ու երթամ»»:
Այսպիսի մարդիկ անպակաս են մեր շուրջը: Ինչ ալ ըսես, ինչ ձեւով ալ մօտենաս, կեղծ համեստութեան ու քօղարկուած պարկեշտութեան շրջազգեստին ետեւ կը պահուըտին, եւ ուրիշները առաջին գիծ տանելով՝ պատերազմի դաշտ կը նետեն, իսկ իրենք «Նպատ լերան բարձունքէն» կը հետեւին ռազմադաշտի կռիւին ու կոտորածին:
Լաւ յիշուելու մտահոգութեամբ ապրող մարդոց համար օրինակ իբրեւ կը տրուի յաճախ այն մարդուն պատմութիւնը, որ անցեալին շատ եռուզեռ ունեցող գիւղաքաղաքին մէջ հանրածանօթ անձ էր: Մէկը, որ քաղաքին գրագիրն է՝ նօտարը, սափրիչը, ատամնաբոյժը, բժիշկը, լուսարարը, մունետիկը, մէկ խօսքով՝ ամէնէն գործունեայ մարդը…:
Կը պատահի սակայն, որ այս շատ օգտաւէտ մարդը կը վշտացնեն՝ պատճառ դառնալով որ խոհեմութեան իր պատեանէն դուրս գայ ու իր նկարագիրին, խառնուածքին եւ էութեան հակառակ միջոցի դիմէ: Կ՛ըսուի, թէ այս մարդուն ձայնը ո՛չ ոք լսած էր: Անոր մօտեցողները նախ շատ երկիւղածութիւն կը ցուցաբերէին անձին, յետոյ իրենց ականջը կը սրէին՝ լսելու համար խորհրդաւոր մեղմ ձայնով անոր տուած իմաստուն խրատները: Անիկա նոյնն էր տգէտ անձերու համար նամակներ գրած կամ անոնց հասցէին եկած նամակները կարդացած միջոցին, նոյնն էր բժշկական դեղ յանձնարարած ատեն, մինչեւ իսկ մարդոց մազերը սափրելու ընթացքին: Սակայն, անարդարութեան չտոկալով՝ յանկարծ այնքան կը զայրանայ, որ ինք իրմէ ելած՝ բարձր ձայնով կը պոռայ ու կը հեռանայ այդ գիւղէն:
Տարիներ կը սահին տարիներու ետեւէն, իսկ մեր «բազմատաղանդ» մարդը արդէն ուրիշ գիւղի մէջ նոր պաշտօններ ստանձնած՝ իր կեանքը կը շարունակէ: Կը պատահի, որ օրին մէկը գործի բերմամբ ստիպուած կ՛ըլլայ իր հայրենի գիւղին ճամբէն անցնիլ, երթալու համար ուրիշ հեռաւոր քաղաք: Հեռուէն, գիւղի մուտքին կը տեսնէ մանուկներ, որոնք խաղեր կազմակերպած կը զուարճանան: Հանդարտ քայլերով կը մօտենայ անոնց, եւ ստուգելու համար, թէ զինք յիշող կա՞յ տակաւին այդ գիւղին մէջ, կամ՝ գիտնալու համար, թէ պատանիները իրենց ծնողներէն որեւէ բան լսա՞ծ են արդեօք իր կարողութիւններուն մասին, անոնցմէ ամէնէն բարձրահասակին, որ պէտք էր ութ տարեկան ըլլար, կը հարցնէ.
– Քանի՞ տարեկան ես, տղա՛յ:
Պատանին, նման այդ օրերուն ապրող իր հասակակիցներուն, ճշգրիտ թուական չի՛ կրնար տալ, յետոյ կմկմալով կ՛ըսէ.
– Ծնողներս կ՛ըսեն, թէ մեր գիւղէն «պոռալով հեռացած մարդուն տարին» ծնած եմ:
Անցորդը հասկնալիքը կը հասկնայ:
Մենք ալ շատ բան կրնանք հասկնալ: Դպրոցական ամէն աշակերտ տարեվերջին դուրս պիտի գայ վարժարանէն: Սակայն, ոմանց անունները լաւ յիշատակութեամբ կ՛արձանագրուին ո՛չ միայն կրթօճախի պատթերթերուն վրայ, ո՛չ ալ միայն ամավերջի հանդիսութեան ընթացքին կը յայտարարուին բեմէն, այլ նաեւ տուեալ հաստատութեան պատմութեան էջերուն վրայ կ՛արձանագրուին՝ տարեվերջին հրատարակուող տարեգիրքին ոսկեայ տողերը կազմելով:
Կեանքն ալ ունի իր տարեգիրքը, որուն մէջ լաւ յիշատակութեամբ անուն ունենալու համար, պէտք է պատմութեան մէջ յիշուած մարդուն կեանքի սկզբնական շրջանին հետեւորդը ըլլալ, եւ ինչ ալ ըլլան պայմանները կամ պարագաները՝ «պոռալով հեռանալ»ու այլընտրանքէն խուսափիլ: