
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Հրանդ Տինք հիմնարկի «Պատմութեան հետազօտութիւններու խրախուսման հիմնադրամ»ի շնորհած կրթաթոշակին այս տարուան դափնեկիրները եղան Ճորճ Շիրնեան եւ Վահէ Թաշճեան: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը: Հրանդ Տինք հիմնարկի համակիր տոքթ. Ալփեր Էօքթեմի նախաձեռնութեամբ գոյացած «Պատմութեան հետազօտութիւններու խրախուսման հիմնադրամ»ը նպատակ ունի յայտնաբերել 1915ին Օսմանեան տիրութեան մէջ մարդասիրական արարքները: Մարտ 5ին «Ճեզայիր» շէնքին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հրապարակուեցան կրթաթոշակի արժանացող ուսումնասիրութիւնները:
Հիմնարկը այս նիւթին շուրջ պաշտօնակարգեց միջազգային ակադեմական դատակազմ մը, որուն մաս կր կազմեն փրոֆ. Թաներ Աքչամ («Քլարք համալսարան»), փրոֆ. Այհան Աքթար (Պիլկի համալսարան), փրոֆ. Ռայմոն Գէորգէան (Փարիզ-8 համալսարան), փրոֆ. Հանս Ղուկաս Քիէզեր (Ցիւրիխի համալսարան), փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեան (Վենետիկ Դա Ֆոսքարի համալսարան): Երկրորդ անգամ շնորհուած կրթաթոշակին այս տարի արժանացան Ճորճ Շիրնեան եւ Վահէ Թաշճեան: 2012ի խրախուսման կրթաթոշակէն օգտուելու համար՝ դիմումին ժամկէտն է 31 Օգոստոս 2012ը: Լրացուցիչ տեղեկութիւն կարելի է քաղել www.hrantdink.org կայքէջին միջոցով: