
Հռչակաւոր լուսանկարիչ եւ «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան մօտաւորապէս 30 տարիներու լուսանկարող Հերի Գունտաքճեան խմբագրութեան յղած նամակով մը անդրադարձած է Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած եւ Հայկական Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցման հարցին նուիրուած միջազգային գիտաժողովին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսի այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիա պարտաւոր է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն բռնագրաւուած եկեղեցիները եւ եկեղեցական կալուածները վերադարձնել իրենց սեփականատիրոջ: Գունտաքճեան ցաւալի կը գտնէ այն իրողութիւնը, որ նման գիտաժողով մը ամբողջութեամբ անտեսուեցաւ Միացեալ Նահանգներու լրատուական գործակալութեանց կողմէ եւ արժանացաւ միայն հայկական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան:
«Դժբախտաբար բոլորը զբաղած էին Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ կռիւներով: Նաեւ, դժբախտաբար, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ խոստացած էր հայութեան Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացնել, մոռացած ըլլալ կը թուի իր խոստումը եւ կամ կրնայ ըլլալ, որ նոյն այդ խոստումը քաղաքական սխալի մը հետեւանք էր», կ՛եզրակացնէ Գունտաքճեան: