ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Մարտ 8ին հարցաքննութիւն բացաւ հակահայ այն գիրքին շուրջ, որ Գարթալի նահանգապետութեան ու կրթական տնօրէնութեան հրահանգով՝ բաշխուած էր Գարթալի վարժարաններուն։ Գիրքը մէկ առ մէկ թիրախ դարձուցած էր այն մտաւորականները, որոնք հայերու նկատմամբ բարեկամական կեցուածք ունեցած են եւ հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւին մասնակցած են։ Կրթական նախարարութեան լուսաբանութեան համաձայն, վերոյիշեալ գիրքը մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տպուած է 2001ին։
Եունուս Զէյրեքի հեղինակութեամբ գրի առնուած նոյն գիրքը, 2007ին դարձեալ տպուած է, ապա ուրիշ տպագրութիւն մըն ալ եղած է 2011ին: Այս վերջինն է, որ դպրոցներուն բաշխուած է Գարթալի նահանգապետութեան կողմէ։ Այս օրինակին մէջ հեղինակը աւելցուցած է Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք մամուլին մէջ տեղ գրաւած լուրերը, յօդուածներն ու այս նիւթին շուրջ ստեղծուած բանավէճերը, ուր կը նշմարուին ատելութեան ու թշնամութեան զգացումներով գրի առնուած բաժիններ: Այս պատճառով, այն համոզումը գոյացած է, թէ սոյն գիրքը կրնայ վնաս պատճառել մատղաշ ուղեղներուն։ Գիրքին մէջ կան նախադասութիւններ, որոնք անվայել են ու հաշտ չեն ակադեմական կամ գիտական մերձեցումներու։ Այս պատճառաւ, կրթական նախարարութիւնը հրահանգեց վերջ տալ գիրքի բաշխումին: