
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ «Թիւֆէնքեան գեղարուեստ»ին, Հինգշաբթի, Մարտ 8ին բացումը տեղի ունեցած է Արթուր Սարգիսեանի ստեղծագործութեան անհատական ցուցահանդէսին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Fine Arts» շէնքին «Gallery 1927» ցուցադրասրահին մէջ (811 W. Seventh Street, Los Angeles, CA 90013):
Ցուցահանդէսը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլ 5, մաս կը կազմէ «ArtWalk Downtown»ին: Ժամադրութեանց համար դիմել (818) 288-4635 թիւին: Ստեղծագործութեան վաճառքի հասոյթին 10 տոկոսը պիտի տրամադրուի Ամերիկայի հայկական գրադարանին ու թանգարանին (ALMA):