ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան (AMAA) Երեխաներու եւ որբերու խնամքի ծրագիրին նուիրուած հագուստներու ցուցահանդէս-դրամահաւաքի տարեկան 21րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 17ին, «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ:
Այս ծրագիրին շնորհիւ, միութիւնը վերջին երկու տասնամեակներուն օժանդակութեան ձեռք երկարած է Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներուն՝ մանկապարտէզներու նեցուկ կանգնելով, աւելի քան 4000 կրթանպաստներ ապահովելով եւ 6000է աւելի երեխաներու համար ճամբարներ կազմակերպելով՝ արուեստի եւ մարզական շարք մը այլ նախաձեռնութեանց կողքին:
Այս տարուան ձեռնարկը իրագործելու պարտականութիւնը ստանձնած են Նիքոլ Նշանեան, Լեսլի Շահինեան եւ Մերիլին Պզտիկեան, իսկ անոր ընթացքին տեղի ունենալիք հագուստներու ցուցադրութիւնը՝ համագործակցաբար «Նորտսթրոմ» վաճառատան, պիտի կազմակերպուի Մերիլին Պզտիկեանի ու Անի Զաքարիի կողմէ, որոնք մօտաւորապէս 60 երեխաներու հետ պիտի ցուցադրեն վերջին նորաձեւութիւնները:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ լուռ աճուրդ, որուն համար կարելի եղած է մեծ թիւով արժէքաւոր նուէրներ ապահովել: Այս աշխատանքը կը համակարգեն Սենտի Պետրոսեան եւ Քրիսթինա Ճապարեան:
Տոմսերու սակը 85 տոլար է: Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Աղպապեանի՝ (310) 476-5306, կամ Սավի Թիւֆէնքեանի՝ (818) 956-8455 թիւերով: