ՏՈՒՊԱՅ.- Հինգշաբթի, 8 Մարտի երեկոյեան, Տուպայի «Ալ Պուսթան Ռոթանա» պանդոկի «Ռաշիտիա» հիւրասրահին մէջ «Մեսրոպեան՝ կրթութեան արժանավայել կառոյցը» կարգախօս-պաստառին ներքեւ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցող բարեսիրական ընթրիքը՝ ներկայութեամբ 330 հրաւիրեալներու, որոնց շարքին էին Տուպայի հայ գաղութի գործօն դէմքեր, Տուպայի տեղական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Տուպայի մէջ Լիբանանի գաղութի ներկայացուցիչներ։
Ընթրիքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վարուժ Ներկիզեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ բնութագրեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցութիւնը կրթութեան զարգացման եւ տարածման նպաստող մարդկային քայլ է: Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութիւնը ծանօթացնելէ ետք, Ներկիզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց նիւթական նուիրատուութիւններով եւ ներկայութեամբ բերին իրենց օգտաշատ եւ կարեւոր ներդրումը:
Վարուժ Ներկիզեանի խօսքին յաջորդեց «Մեսրոպեան»ի նախկին տնօրէն Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի պատգամը:
Ապա խօսք առաւ «Մեսրոպեան» վարժարանի ներկայի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ կրթութիւնը համամարդկային զարգացման գրաւականն է։ «Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական անապահով եւ տնտեսական ու ընկերային վատառողջ պայմաններուն մէջ ծանր աշխատանք է դպրոց պահելը։ Այս բոլոր իրադարձութիւններուն դէմ յանդիման, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլ՝ մնայուն կերպով ինքնանորոգումի, ինքնազարգացումի, ինքնակազմակերպումի եւ ինքնարժեւորումի մէջ է», ըսաւ ան իր խօսքին մէջ։
«Լիբանանէն դուրս «Մեսրոպեան»ի բարեկամներուն մեծ տարողութեամբ նեցուկը խթանիչ եւ պարտաւորեցնող ուժ է՝ յաւելեալ թափով շարունակելու գործունէութիւնը եւ կատարելագործելու աշխատանքները», նշուած է վարժարանի տնօրէնութեան հաղորդագրութեան մէջ: