ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմենիա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115ամեակի առթիւ հիւրընկալուած է Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ։
Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, հանրապետութեան ղեկավարը թանգարանի հիւրերուն հետ միասին այցելած է ցուցահանդէսի տաղաւարներ, ծանօթացած է մեծանուն բանաստեղծի յոբելեանին առիթով բացուած «Եղիշէ Չարենց. դիմանկարների շարք» ցուցադրութեան, որտեղ ներկայացուած են գրողի ժամանակակիցներուն՝ Մ. Սարեանի, Ռ. Ղազարեանի, Ալ. Բաժբէուկ-Մելիքեանի վրձինէն ծնունդ առած Չարենցի դիմապատկերները:
Չարենցի գրասեղանին վրայ դրուած պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ նախագահը գրած է հետեւեալը. «Եկել եմ Չարենցի այնքան սիրած «Կարմիր տունը»՝ բերելով իմ հիացումը հանճարի նկատմամբ եւ հաւաստիացնելու, որ այսօր էլ մենք առաջնորդւում ենք մեզ ժառանգած նրա բանաձեւով. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Թանգարանի անձնակազմը Հանրապետութեան նախագահին նուիրած է Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115 եւ գրական գործունէութեան 100ամեակներուն առթիւ հրատարակուած «Չարենց-115» գիրքը: