ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Միացած՝ վասն ցեղասպանութեանց կասեցման» շարժումին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Միջազգային ներումին եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան շարք մը այլ կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով, Ուրբաթ, Մարտ 16ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Սուտանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցի մը ընթացքին ձերբակալուած է յայտնի դերասան Ճորճ Քլունի եւ անոր հայրը, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ ՄըքԿավըրն, Էլ Ճէյմզ Մորան, «Միացած՝ վասն ցեղասպանութեանց կասեցման» շարժումի նախագահ Թամ Էնտրուզ եւ ուրիշներ: Ցոյցին մասնակցած են նաեւ Մարթին Լութըր Քինկ Գ.ը եւ քոնկրեսականներ Ճան Օլվըր եւ Էլ Կրին:
«Ուրախ ենք, թէ Քլունիի մասնակցութեան շնորհիւ, կարելի եղած է լրատուամիջոցներու լուսարձակին տակ դնել այս կարեւոր հարցը», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան, որ խումբ մը ամերիկահայերու հետ իր մասնակցութիւնը բերած էր սոյն ցոյցին, որուն անմիջական նպատակն էր՝ զսպել Սուտանի եւ նորանկախ Հարաւային Սուտանի միջեւ գտնուող Նուպա լեռնային շրջաններուն մէջ Սուտանի իշխանութեանց կողմէ շարունակուող սպանդը:
Յայտնենք, թէ Քլունի վերջերս Հարաւային Սուտան եւ Նուպա շրջանները այցելած էր եւ այդ այցելութեան մասին, այս շաբթուան ընթացքին, վկայութիւն տուած էր Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին: