ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ուկանտայի մէջ Ճոզէֆ Քոնի անունով աւազակապետ մը, որ հազարներով երեխաներ կ՛առեւանգէ ու զանոնք կը վերածէ ստրուկներու ու մահ սփռող գործիքներու, թիրախը դարձած է Ճէյսըն Ռասըլ անունով անձի մը հիմնած «Անտեսանելի Երեխաներ» մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան, որուն ստեղծած քարոզչական տեսաժապաւէնը գրաւած է աւելի քան հարիւր միլիոն մարդոց ուշադրութիւնը:
Քոնիի անմարդկային գործունէութիւնը պարզագոյն ոճով պատմող տեսաերիզին մէջ՝ կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ հասարակութեան՝ արտայայտելու իր զօրակցութիւնը աւազակապետը արդարադատութեան արժանացնելու շարժումին, եւ կ՛առաջարկէ յստակ քայլեր:
Քարոզչական գործի մասնագէտները, ընդհանրապէս այսպիսի պարագաներու, պիտի թելադրէին տեսաերիզը պատրաստողներուն՝ իրենց պատգամը փոխանցել կտրուկ խօսքով ու ազդեցիկ նկարներով: Քոնիի դէմ քարոզող այս ժապաւէնին տեւողութիւնը կէս ժամ է, ինչ որ խիստ զարմացուցած է մարդոց ուշադրութեան այդքա՛ն երկարատեւ կեդրոնացման հանդէպ հաւատք չունեցողները:
Ո՞ւր է այս ժապաւէնին յաջողութեան գաղտնիքը: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ շատ կարճ ժամանակուան մէջ այդքա՛ն հսկայական տարածում գտաւ անիկա:
Կատարելութեան հասած քարոզչական արհեստագիտութեան ոլորտին մօտիկ չըլլալով՝ մեր Դատը միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու գործին գլուխ կանգնած անձերուն յստակ առաջարկներ չեմ կրնար տալ, թէ՝ ինչպէ՛ս կրնան բարելաւել իրենց ձեռնարկած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը: Այսուհանդերձ, Քոնիի դէմ պայքար շղթայազերծող այս տեսաերիզը մտածել կու տայ, որ եթէ հետապնդուած դատը յստակօրէն բացատրուի, եթէ դիտողին զգացումները շարժելու միջոցը գտնուի, եթէ դիտողին յստակօրէն փոխանցուի, թէ ի՛նչ է իրմէ սպասուած նուազագոյն աշխատանքը, ապա հրաշալի արդիւնքներու կարելի՛ է հասնիլ:
Խօսիլը դիւրին է, իրագործելը՝ հանճար կը պահանջէ: