
ԵՐԵՒԱՆ, «Հայկական Ժամանակ».- Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեանը հարցազրոյց տուած է «Հայկական Ժամանակ» թերթին:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ նախկին նախագահը, որ նախորդ Սեպտեմբերին նշած էր, որ չի բացառուիր իր վերադարձը քաղաքական դաշտ, տակաւին ոչ մէկ շօշափելի քայլի դիմած է՝ Վ. Սողոմոնեան յայտնեց, որ տակաւին այս գծով յայտարարութիւն ընելու ժամանակը չէ հասած եւ այս նիւթին մասին կը խօսուի տակաւին։ «Ես չեմ կարող յստակ ժամանակ մատնանշել, բայց վստահ եմ, որ խօսելու է: Կարող եմ ենթադրել միայն, որ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը խօսի: Հարցազրոյց կը լինի, թէ յայտարարութիւն՝ հիմա դժուարանում եմ ասել»:
Խօսելով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան համագումարին մասնակցելու համար նախկին նախագահին հրաւէր չուղղելու երեւոյթին մասին՝ Սողոմոնեան դիտել տուած է, որ Ռոպերթ Քոչարեան երբեւէ ո՛չ մէկ համագումարի մասնակցած է, ուստի բնական է, որ իրեն հրաւէր չուղղուի այս համագումարին առիթով եւս։
«Հայկական Ժամանակ»ի լրագրողը հարց տուած է, որ արդեօք ճի՞շդ են այն տարաձայնութիւնները, որոնց համաձայն, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի հետ ծրագիրները ձախողած են։ Սողոմոնեան ըսած է. «Ցաւում եմ, բայց վերջին շրջանում, բացի, այսպէս կոչուած՝ հաւաստի աղբիւրներից, շա՛տ հաւաստի աղբիւրներից, շրջանառուող լուրերից որեւէ լուրջ բան տեսնելը շատ դժուար է, դրա համար ես զերծ կը մնամ մեկնաբանութիւնից, մեկնաբանութեան մեկնաբանութիւնից՝ առաւել եւս»:
Աւարտին, այս երեւոյթներուն նկատմամբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան կեցուածքներուն վերաբերող հարցումին հակազդելով՝ Վ. Սողոմոնեան թելադրած է կուսակցութեան հարց տալ այդ մասին։