ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 21 Մարտին բազմաթիւ երկիրներ կը նշեն Նովրուզի տօնը, զոր աշխարհի մէջ շուրջ 300 միլիոն անձ կը նշէ իբրեւ Նոր տարի։ Ան կը նշուի Իրանի, Քիւրտիստանի, Միջին Ասիական շարք մը երկիրներու եւ Հնդկական թերակղզիին մէջ:
Նովրուզի ընaթացքին Հայաստան կ՛այցելեն Իրանէն բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ: Նախորդ տարիներու հոսքին համաձայն, շուրջ 20 հազար մարդ կրնայ գալ Հայաստան։ Հաշուի առնելով, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ զբօսաշրջային ենթակառուցուածքները զարգացած են, մեծ հաւանականութիւն կայ իրանցի զբօսաշրջիկներու հոսքի աճման: Իրանցիները կը նախընտրեն ոչ շատ սուղ պանդոկները, ուր կայ ընդհանուր սենեակ եւ ճաշի պատրաստութեան կարելիութիւն։
Ընդհանուր առմամբ տարեկան դրութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ շուրջ 50-60 հազար իրանցի զբօսաշրջիկ, որոնց շուրջ մէկ երրորդը՝ Նովրուզի տօնին։
Ըստ տուեալներուն, Հայաստանի մէջ իրանցի զբօսաշրջիկները զբօսաշրջային վայրերով չեն հետաքրքրուած այնքան, որքան մշակութային ազատ մթնոլորտով, իգական սեռին հետ կապ հաստատելու ազատութեամբ կամ ոգելից ըմպելիներ օգտագործելու դիւրութեամբ եւ մատչելիութեամբ։ Սակայն Նովրուզի տօնի առանձնայատկութիւնը այն է, որ իրանցիներէն շատեր կու գան ընտանիքներով եւ կը նախընտրեն յաճախել մշակութային ձեռնարկներ, ուր իրանցի երգիչներ եւս կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը եւ անոնք այս նպատակով Հայաստան կու գան։
Նշենք, որ տարածաշրջանին մէջ մրցակցութիւն սկսած է Հարաւկովկասեան երեք երկիրներու միջեւ՝ Նովրուզի տօներուն իրանցի զբօսաշրջիկները ներգրաւելու առումով: Ըստ որոշ գնահատականներու, Իրանէն Նովրուզի տօներուն որպէս զբօսաշրջիկ տարբեր երկիրներ կ՛այցելէ 500 հազարէն-1 միլիոն անձ։ Վրաստան 2011ին Իրանի հետ անցագիրի դրութիւնը վերցուց՝ իրանցիներուն առիթ տալով անարգել մուտք գործել երկիր:
Սակայն Հայաստանը եւս ունի որոշ մրցակցային առաւելութիւններ: Նախ՝ Իրանի հետ կը գործէ անցագիրի պարզեցուած դրութիւն, իսկ ցամաքային ճանապարհի առկայութիւնը թոյլ կու տայ զբօսաշրջիկներուն՝ այցելութիւնը կատարել սեփական ինքնաշարժներով։ Բացի ատկէ, Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կան բարիդրացիական յարաբերութիւններ, որոնք եւս կը նպաստեն այցելութիւններու աճին: Իրանցիները Նովրուզին մեծամասնութեամբ Ատրպէյճան կ՛երթան, սակայն վերջին ամիսներուն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են, ինչ որ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այցելուներու թիւին վրայ։
Նովրուզի տօնը կապուած է գարնանային գիշերահաւասարի հետ: Ըստ պատմաբաններուն, Նովրուզ պայրամի տօնի արմատները կու գան Ն.Ք. 538 թուականէն, երբ Աքեմենեան Պարսկաստանի արքայ Կիւրոսը յարձակած է Բաբելոնի վրայ:
Իրանի մէջ աւանդութիւն է տօնական սեղանին վրայ դնել 7 խորհրդանշական բարիք, որոնք պէտք է սկսին պարսկերէն «ս» տառով: Այդ բարիքներն են՝ խնձորը, փշատը, սխտորը, մետաղադրամը, քացախը, կանաչին ու ածիկը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խորհրդանշական նշանակութիւն ունի: Խնձորը գեղեցկութեան խորհրդանիշն է, փշատը՝ բարութեան, սխտորը՝ առողջութեան, մետաղադրամը՝ կենցաղի ու հարստութեան, կանաչին՝ կեանքի, իսկ ածիկը՝ բերք ու բարիքի: Տնական սեղանին վրայ անպայման իր տեղը կ՛ունենայ Քուրանը: