
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Ուրբաթ, Մարտ 16ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին իր առաջին զեկուցումը տուաւ, Ժընեւէն Նիւ Եորք պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին: Անան խօսեցաւ պատուիրակ նշանակուելէն ետք իր ունեցած հանդիպումներուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն ստացած վերջին նամակին մասին՝ կոչ ընելով Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն, որ միացեալ կեցուածքով մը նեցուկ կանգնին իր առաքելութեան, որուն նպատակն է՝ տագնապը խաղաղօրէն լուծել: Անան ազդարարեց, թէ Սուրիոյ հարցով անհաւասարակշռուած մօտեցում մը «լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ, եւ այդ պատճառով ալ պէտք է «շա՛տ, շա՛տ զգոյշ» ըլլալ:
Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի, իր կարգին յայտնեց, որ Անան բռնարարքները դադրեցնելու իր առաջարկներուն շուրջ խորհրդակցութիւններ կը շարունակէ տանիլ Դամասկոսի հետ: Անանի ծրագիրը կը ներառէ բռնարարքներու կասեցումը, մարդասիրական օժանդակութեանց մուտքը եւ ընդդիմութեան հետ քաղաքական երկխօսութեան սկսիլը:
Ուրբաթ օր, Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիրները հաղորդեցին, թէ կարգ մը շրջաններու մէջ իշխանութեան դէմ ցոյցեր տեղի ունեցած են՝ նշելու համար Սուրիոյ տագնապին առաջին ամեակը: Մէկ օր առաջ, բազմահազար սուրիացիներ նոյն առիթով Դամասկոսի, Տէր Զօրի եւ Հալէպի մէջ, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ, Ռաքայի, Թարթուսի, Հասաքէի եւ այլ շրջաններու մէջ մասնակցած էին «Միջազգային քայլարշաւ» խորագիրով հաւաքներու՝ մերժելով Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը եւ զօրակցելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի բարեփոխումներու ծրագիրին:
Իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիացի ժողովուրդը խոր կերպով պառակտուած է, եւ եթէ ընդդիմութեան զէնք մատակարարենք, քրիստոնեաներուն, ալաուիներուն, սիւննիներուն եւ շիիներուն միջեւ քաղաքացիական պատերազմ մը կազմակերպած պիտի ըլլանք: Ատիկա կրնայ այսօր գոյութիւն ունեցող աղէտէն աւելի մեծ աղէտ մը ըլլալ»: Ապա անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ Ասատի հասցէին կատարուած այն քննադատութեան, թէ ան բարեփոխումներու գործադրութիւնը կ՛ուշացնէ՝ Ժիւփէ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ հարցով իր կեցուածքը «կ՛արդիականացնէ»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, իր կարգին յայտարարեց, որ Թուրքիա կը քննէ Սուրիոյ սահմանին վրայ «ապահովական գօտի» մը հաստատելու հարցը, մինչ Անգարան Սուրիա գտնուող իր քաղաքացիներուն Թուրքիա վերադառնալու կոչ կ՛ընէ: Թուրքիա նաեւ կը պնդէ, թէ սուրիական վարչակազմը Թուրքիոյ հետ սահմանը կ՛ականապատէ, որպէսզի գաղթականները չկարենան Թուրքիա անցնիլ:
Միւս կողմէ՝ Հալէպի մօտակայքը կառավարական զօրքերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ բախումներու ընթացքին սպաննուած է թուրք քաղաքացի մը: