
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը դատական հայց ներկայացուցած է յօդուածագիր Ռոնի Մարկուլիսի դէմ, որ վերջերս քննադատեց Փետրուար 26ին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցին մասնակցած ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինը:
Թրքական «Թարաֆ» թերթի հրէական արմատներ ունեցող յօդուածագիրը անհիման համարած է դատ բանալու դիմումը՝ պնդելով, թէ իր յօդուածին մէջ ոեւէ մէկուն նկատմամբ վիրաւորական խօսք չկայ: «Վարչապետն ու ներքին գործոց նախարարը դատական հայցերով կը փափաքին վախցնել լրագրողները, որպէսզի անոնք լռեն: Բայց մենք չենք վախնար: Նախարարը պէտք է ներողութիւն խնդրէ ոչ միայն հայերէն, այլ նաեւ ամբողջ Թուրքիայէն», ըսած է Մարկուլիս:
Յիշեցնենք, թէ յօդուածագիրը պահանջած էր նախարարը ոչ միայն պաշտօնազուրկ ընել, այլ նաեւ հեռացնել իշխող կուսակցութենէն՝ թշնամանք ու ատելութիւն սերմանելուն համար: «Նման նախարար սեւ բիծ է Թուրքիոյ քաղաքացիներու անուան վրայ: Բայց գիտենք, որ այս նախարարը չեն հեռացներ ու չեն ալ դատեր, քանի որ այդ ցոյցը իշխանութիւններն են որ կազմակերպած են եւ անոնք են, որ հոն ղրկած են նախարարն ու նահանգապետը: Եթէ սովորական երկիրի մը մէջ ապրէինք, ոչ միայն այդ նախարարը պէտք է հրաժարական տար, այլեւ՝ ամբողջ կառավարութիւնը», գրած էր Մարկուլիս: