– Թուրքիոյ սպայակոյտը հաստատեց, թէ Աֆղանիստանի մէջ Ուրբաթ, Մարտ 16ին ջախջախուած թրքական ռազմական ուղղաթիռին մէջ 12 թուրք զինուորներ մահացած են: Կը կարծուի, թէ ուղղաթիռը շարժակի խանգարումի հետեւանքով ջախջախուած է Քապուլի մօտերը:
– Հակառակ այն իրողութեան, որ Չինաստան կը շարունակէ ամերիկեան պետական պարտամուրհակներ գնել, իր արտաքին ներդրումներուն մէջ ամերիկեան պարտքի համեմատութիւնը զգալիօրէն նուազած է վերջին վեց տարիներուն ընթացքին: 2006ին, Չինաստանի օտար դրամանիշերով պահեստներուն 74 տոկոսը ամերիկեան պետական պարտամուրհակներ էին, սակայն այդ համեմատութիւնը 54 տոկոսի իջած է Յունիս 30՝ 2011ի տուեալներով: Չինաստան ներկայիս 1730 միլիառ տոլարի ամերիկեան պետական պարտամուրհակներու սեփականատէրն է: