ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայ վարժարանը, ըլլայ անիկա ամէնօրեայ կամ միօրեայ, ունի միեւնոյն անփոխարինելի դերակատարութիւնը՝ նպաստելու հայ մանուկին, երեխային ու նոյնիսկ պատանիին, որպէզի հայ լեզուին ու պատմութեան տիրանայ: Հայ վարժարանին պարտականութիւնն է հայու ոգի ներշնչել աշակերտներուն՝ դառնալով հայակերտման աշխատանքներուն կարեւոր լծակ մը:
Ապաւինելով իր շուրջը բոլորուած անձնազոհ ազգայիններուն, ծնողներուն եւ հայ ժողովուրդի սրտբաց օժանդակութեան, նման հայկական այլ վարժարաններու, Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանն ալ կը պատկանի հայ ամէնօրեայ վարժարաններու մեծ ցանցին, որ հայեցի կրթութեան կողքին, կը ջամբէ նաեւ քրիստոնէական կրօնք: Այս տարի անոր հիմնադրութեան 30ամեակն է, որուն համար ամիսներէ ի վեր վարժարանն ու իր յարակից մարմինները մեծ աշխատանքի լծուած էին:
Այսպէս, հաստատապէս կարելի է վկայել, թէ վարժարանին համար աննախընթաց երեկոյ մըն էր Կիրակի, Մարտ 4ի երեկոն, երբ վարժարանին հանդէպ հաւատք ու սէր ունեցող աւելի քան 500 հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ այս պատմական տօնակատարութիւնը:
«Արարատ տան» «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, Արեւմտեան Ամերիկայի զոյգ առաջնորդներու ներկայացուցիչ երկու քահանայ հայրերու կողքին, ներկայ էր նաեւ ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանը, վարժարանի հին ու նոր խնամակալ մարմիններու ներկայացուցիչները, տնօրէնուհի Լինա Ասլանեանը, համայնքի պատուելիները, վարժարանի նախկին տարիներու տնօրէն Արամ Պուլղուրճեանն ու իր կինը, Հայ աւետարանական ընկերային ծառայութեան վարիչ Յակոբ Լուսարարեանն ու իր վարած գրասենեակի անձնակազմը, վարժարանի նախկին ու ներկայ ուսուցչական կազմերը եւ բոլոր անուանի ու անանուն բարերարները, ծնողներն ու շրջանաւարտները:
Տօնախմբութեան սկիզբը, յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին, փոխատենապետուհի Ռիթա Մէնէշեան բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցաւ եւ բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Հրայր Սաղրեանը, որ իր կարգին՝ անգլերէնով շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսքերէն ետք, վեր առաւ նոր սերունդը դաստիարակելու էականութիւնը եւ ապա շեշտաւորեց «Մերտինեան»ի կատարած մեծ դերը՝ այս մարզերէն ներս: «Ունինք տասը գլխաւոր կէտեր կամ պատճառներ, որոնք մեզ կը մղեն եւ կամ խթան կը հանդիսանան, որ մեր զաւակները դէպի «Մերտինեան» առաջնորդենք», ըսաւ ան եւ ապա ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան, ամէն առիթով մէկ առ մէկ մանրամասնեց իր նշած կէտերը, որոնց մէջ կ՛իյնային ծնողաուսուցչական կազմի ներդրումն ու վարժարանի աշակերտներուն եռանդը, ուսումնական ծրագիրը, աղօթքն ու քրիստոնէական հաւատքը, մեր մշակոյթի եւ աւանդի փոխանցումը ու մանաւանդ արուեստի ծիրին մէջ վարժարանին արձանագրած յաջողութիւնները:
Երեկոյի պաշտօնական յայտագիրին սկիզբը, Րաֆֆի Գերպապեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Էսթեր Ասիլեանի, յաջորդաբար մեներգեց ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները՝ ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Վարժարանի խնամակալ մարմինին անունով խօսք առաւ ատենապետ տոքթ. Վահէ Նալպանտեան, որ նախ անդրադարձաւ վարժարանի յաջողութիւններուն, ապա յիշեց անցեալի ու ներկայի վարժարանին միշտ նեցուկ կանգնող մեծ նուիրատուները ու նաեւ ջատագովեց տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանը, որուն պաշտօնավարութեան առաջին տարին է: Ան նաեւ մեծապէս գնահատեց գաղութին մէջ յատկանշական ներկայութիւն դարձած Աւետարանական ընկերային ծառայութեան գրասենեակն ու յատկապէս անոր տարիներու վարիչ Յակոբ Լուսարարեանը՝ իր անգնահատելի նուիրումին համար:
Ապա, ատենապետը բեմ հրաւիրելով Լուսարարեանը՝ անոր յանձնեց գնահատանքի յուշատախտակ մը:
Իր սրտի խօսքին մէջ Լուսարարեան նախ գրասենեակին կողմէ վարժարանին յանձնեց կոկիկ գումար մը (մօտ ապագային գումարը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը պիտի հրապարակուի) եւ ապա գովեց գրասենեակի 27 երկար տարիներու պատասխանատու պաշտօնեայ Նորա Աշճեանը: Լուսարարեան նաեւ հրապարակեց իր գնահատանքի ջերմ խօսքերը, երկար տարիներէ ի վեր այս գրասենեակին հաշուապահութիւնը կամաւոր կերպով կատարող հաշուապահ Յակոբ Մարգարեանին, եւ առ ի երախտագիտութիւն՝ անոր յանձնեց յուշատախտակ մը:
Ապա թեմի երկու առաջնորդներու ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Յակոբեան եւ Աշոտ Գամպուրեան քահանայ հայրերը, կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը՝ միաժամանակ փոխանցելով իրենց սրտի խօսեքը:
Իր կարգին, պատուելի Արա Շաքրեան անգլերէնով կատարեց օրուան աղօթքը, որմէ ետք աւանդութիւն դարձած սովորութեան համաձայն, կատարուեցաւ երեսնամեակի կարկանդակի հատումը՝ ձեռամբ Սոնա Խանճեանի, Ազնիւ Ղազանեանի, տնօրէնուհի Արսլանեանի եւ ատենապետ Նալպանտեանի:
Ընթրիքէն ետք, պաշտօնական յայտագիրը շարունակուելով՝ յայտարարուեցաւ, թէ վարժարանի սրահը պիտի անուանուի բարերար եւ վարժարանի նախկին տնօրէններէն Արամ եւ Անայիս Պուլղուրճեանի անունով: Այս առթիւ, վարժարանի տարիներու բարերարուհի Անայիս Տէրեան Պուլղուրճեան բեմ հրաւիրուելով՝ սրտի արդար խօսքերով ելոյթ ունեցաւ:
Տօնախմբութեան գլխաւոր պատգամախօսն էր Նիւ Եորք քաղաքի ընդհանուր դատախազի թմրեցուցիչներու հարցերով օգնական Փիթըր Ղուկասեան, որ նախ գովեստով անդրադարձաւ վարժարանի վերաւորակաւորման, եւ ապա ներկաներուն փոխանցելէ ետք իր շնորհաւորական խօսքերը, հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ծնողները «Մերտինեան» կը ղրկեն կամ պէտք է ղրկեն իրենց զաւակները: «Դուք ժամանակի դէմ կը պայքարիք՝ մեծ զոհողութեամբ: Այս օրերուն, մեր զաւակները շրջապատուած են զանազան մշակոյթներով, որոնք սկսած են կլանելու զիրենք», շարունակեց բանախօսը:
Խօսելով հաւատքի ու կրօնքի մասին՝ ան իր խօսքերը համեմեց հին ու նոր փիլիսոփաներուն այս նիւթին մասին կատարած վկայութիւններով, եւ շեշտաւորեց կրօնքի եւ ուսման էականութիւնը ու ասոնց ընդմէջէն՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն ու սէրը եւ մեր քրիստոնեայ կենցաղը: «Մեր զաւակները պէտք է մեծցնենք իրաւ հօր ձեռքով, որ ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ՝ ամենակալ Աստուած: Ահա թէ ինչո՛ւ «Մերտինեան» պէտք է ղրկել մեր զաւակները», եզրակացուց բանախօսը:
Ապա սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ հիւպատոս Յովհաննիսեան, որ անգլերէնով շեշտեց հայրենի մեր պետութեան ցուցաբերած հոգածութիւնը՝ Սփիւռքի հայկական բոլոր վարժարաններուն նկատմամբ:
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ տոքթ. Զօրեան, որ յայտնեց, թէ պոսթոնաբնակ Էտուարտ Աւետիսեանի մեծ նուիրատուութեամբ, Երեւանի մէջ մինչեւ 2014 պիտի կառուցուի նոր երկրորդական վարժարան մը:
Վարժարանի առաջին հոգաբարձական կազմի ատենապետուհի Ալիս Հայկ, իր կարգին յիշեց վարժարանի հիմնադրութեան գաղափարն ու այս առթիւ՝ օրին տարուած խորհրդածութիւնները:
Նաեւ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակէն Ատրին Նազարեան փոխանցեց Գրիգորեանի շնորհաւորկան խօսքերը եւ խոստացաւ պաշտօնապէս շուտով ուղարկել գնահատագիր մը: Այս բոլորէն ետք, տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան երկլեզու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ վարժարանին իրենց մատուցած անսակարկ զոհաբերութեան համար: «Մեծ հրճուանքով կ՛ողջունեմ այս ամեակը: Իւրաքանչիւր տարի իր ինքնուրոյն քարը աւելցնելով՝ ամրացուցած է մեր վարժարանը, ուր կորով, աշխատանք, նուիրում կ՛իմաստաւորուին հաւասարապէս ու հաստատապէս», ըսաւ ան:
Տնօրէնուհի Արսլանեան ամփոփ կերպով նաեւ պարզեց վարժարանի պատմականը, անոր յաջողութիւններն ու արդար հունձքը: «Մեր վարժարանը կը կարօտի ձեր բոլորի նուիրումին, որպէսզի անիկա շարունակէ հայ քրիստոնեայ դաստիարակելու իր աւանդը: Նոյնպէս, հայ վարժարանը կը կարօտի մեր բոլորին ուշադրութեան: Կոչ կ՛ուղղեմ, որ բազմապատկէ՛ք ձեր ուժերն ու զօրակցութիւնը մեր այս սիրելի վարժարանին, յանուն մեր նոր սերունդի փայլուն ապագային», եզրակացուց տնօրէնուհին:
Ապա, նախկին տարիներու շրջանաւարտներ բեմ հրաւիրուելով՝ սրտի յատուկ խօսքերով ջատագովեցին իրենց նախկին վարժարանը:
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինի վերջին օրհնութեան աղօթքը կատարեց պատուելի Ճոզէֆ Մաթոսեան:
Յոբելինական այս տօնախմբութեան գեղարուեստական բաժինին մեներգով եւ զուգերգով ելոյթ ունեցան թենօր Ռաֆֆի Գէրպապեանն ու սօփրանօ Կարինէ Աւագեանը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Վիքթորիա Սիմոնեանի: