ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ՀՀ հասարակական կարծիքը հետազօտող ու ընտրազանգուածի տրամադրութիւնները հարցախոյզներով ստուգող մասնագիտական կեդրոնները կարծէք բաւարար չէին… կանխատեսելու եւ պնդելու համար, որ Ազգային Ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւններէն «յաղթական» դուրս պիտի գան իշխանութեան ղեկին գտնուող կուսակցութիւնները։
Եւ կարծէք բաւարար չէին տարեսկիզբէն ի վեր նոյն այդ կեդրոններուն կողմէ քաղաքական գովազդի պէս կրկնուող այն կանխատեսումները, թէ Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն «մեծ անակնկալներ պէտք չէ սպասել», եւ թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած քաղաքական ճամբարը պարզապէս պիտի «վերահաստատէ» ինքզինք եւ «ամրապնդէ» իր դիրքերը՝ առ ի պատրաստութիւն 2013ի ՀՀ նախագահի ընտրութեան։ Իսկ եթէ Ազգային Ժողովի նոր կազմի ձեւաւորման համար պայքար պիտի ծաւալի, ատիկա… բացառապէս պիտի մղուի իշխանաւոր ճամբարի զոյգ կուսակցութեանց՝ «Հանրապետական»ի (ՀՀԿ) ու «Բարգաւաճ»ի (ԲՀԿ)միջեւ…
Հիմա ալ մամուլն ու քաղաքական դաշտը զբաղեցնող գործիչներ եւ խմբակցութիւններ միացած են նախընտրական խմորումներուն վերաբերեալ այդ կանխատեսումներուն ու համահունչ քարոզարշաւի՝ աջէն թէ ձախէն պնդելով, որ ՀՀ քաղաքական բեմը ամէն ինչով պատրաստ է՝ գործող իշխանութեանց մշակած «բեմագրութիւն»ը ցուցադրելու համար։
Արտախորհրդարանական ընդդիմադրութեան մօտ կանգնած «Հրապարակ»ը, օրինակ, վերլուծելով թեկնածուներու առաջադրման եւ համամասնական թէ մեծամասնական ընտրացուցակներու հրապարակման ներկայ փուլը շեշտը կը դնէ հետեւեալ եզրայանգումներուն վրայ.
– «ա) Այս ընտրութիւնները բաւականին տխուր ու միապաղաղ են անցնելու։ Մրցակցութիւն եւ թէժ պայքար ծաւալուելու է շատ քիչ ընտրատարածքներում։ Բանն այն է, որ մեզանում ընտրութիւնների գործընթացը գրեթէ լիովին նոյնացուել է ֆինանսական ներդրումների գաղափարի հետ։ Իսկ յայտնի է, որ հայը, որպէս կանոն, ներդրում անում է այն ժամանակ, երբ առնուազն 110 տոկոսով վստահ է, որ շահելու է եւ իր ներդրումը ետ է բերելու։
– «բ) Պայքար ծաւալուելու է միայն այն տարածքներում, որտեղ ընտրութիւնը կայանալու է ՀՀԿ եւ ԲՀԿ թեկնածուների միջեւ։ Այսինքն, մարդիկ ստիպուած են լինելու ընտրութիւն կատարել, այսպէս ասած, վատի ու վատագոյնի միջեւ, որոնք բովանդակային առումով իրարից քիչ են տարբերւում, եւ նման թեկնածուների առաջադրումը դժուար է այլընտրանքային որակել։
– «գ) Ընտրութեան գլխաւոր չափորոշիչը լինելու է փողի քանակը։ Երբ ընտրութիւնը վատի ու վատագոյնի միջեւ է, բնականաբար սկսում է դեր խաղալ ընտրակաշառքը»։
Դժուար չէ բացատրել, որ ինչո՞ւ 2008ի այսպէս կոչուած «կարծր ընդդիմութեան» շարքերէն նմանօրինակ եզրայանգումներ այսօր կը հրամցուին… «աղաւնիի» մեղմութեամբ եւ սառնասրտութեամբ։
Նախ՝ մեծապետական աշխարհը, Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց առ ի վարձատրութիւն, իր «օրհնութիւն»ը արդէն շնորհած է ՀՀ գործող իշխանութեանց եւ, նախընտրական այս փուլին, լորձնաշուրթն գովասանքով կը նախապատրաստուի «ողջունելու» Մայիսի ընտրութեանց… «քաղաքակիր»չ եւ «ժողովրդավարական» բնոյթը։
Ապա՝ ՀՀ ներ–քաղաքական դաշտին մէջ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի միջեւ բեմադրուած 2008ի թշնամական բեւեռացումը այլեւս անցեալ ու փակուած պատմութիւն է։ Ընդհակառակն՝ ԼՏՊի բանբերներէն Երեւանի նախկին քաղաքապետ Վահագն Խաչատրեանը այսօր արդէն յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ Հայ Ազգային Կոնգրեսը դէմ է իրաւական դաշտէն դուրս եւ փողոցի վրայ լուծելու… ընտրութեանց արդիւնքին շուրջ ծագած վէճերը։
Աւելի՛ն. արդէն բացառուած չէ, որ գործակցութեան եզրեր ալ գտնուին երէկուան կատաղի մրցակիցներուն ու հակառակորդներուն միջեւ… Չէ՞ որ ՀՀ առաջին եւ երրորդ նախագահները, երկո՛ւքն ալ, կ՛առաջնորդուին միեւնոյն դաւանանքով, ըստ որուն՝ քաղաքականութեան մէջ չկան մնայուն թշնամիներ, այլ կան միայն մնայուն… շահեր։
Շատ աւելի ծանրակշիռ վէրքի մը վրայ իր մատը կը դնէ «Ժամանակ» թերթը, երբ դիտել կու տայ, թէ՝
– «Իշխանական կուսակցութիւնների համամասնական ցուցակները տեղով արհամարհանք են սոցիալական եւ հոգեբանական ծանր կացութեան մէջ գտնուող քաղաքացիների համար։ Այդ ցուցակները ստուերային եւ բացայայտ միլիոնատէրերի եւ միլիարդատէրերի, իշխանութեանը սպասարկելով՝ իրենց բարեկեցութիւնն ապահովող տարատեսակ մասնագիտութեան տէր անձանց մի հաւաքածու է, որի ներկայացուցիչներն իրենց կեանքով բացարձակապէս որեւէ կապ չունեն այդ սոցիալապէս ծանր պայմաններում ապրող քաղաքացիների հետ»։
Փաստօրէն ընտրազանգուածը այլեւս տեղ ու իրաւունք չունի միամտութեամբ ընկալելու Ազգային Ժողովի – եւ ընդհանրապէս կառավարման համակարգի – «երիտասարդացման» ուղղութեամբ իշխանաւորներու շռայլած խոստումները։ Նոյնիսկ եթէ տարիքով երիտասարդներ բեմ պիտի հանուին, անոնք խորհրդարանական եւ, հուսկ, կառավարական աթոռներու պիտի արժանանան միայն ու միայն իրենց «պատուիրատու դրամատէրեր»ուն ծառայելու պատրաստակամութեան համար։
Պատահական չէ, հետեւաբար, որ ՀՅԴ համամասնական ընտրացանկի հրապարակման առիթով Վահան Յովհաննիսեան երէկ կարեւորութեամբ կը շեշտէր, թէ՝
– «Կարծում եմ, մեր ընտրողն արդէն հասկացել է, որ չի կարելի հաւատալ ո՛չ մուկ բռնելու սարքում դրուած պանրի թարմութեանը, ոչ էլ խոստումներին ու ստերին, որոնք լսւում էին տարիներ շարունակ: Մենք լուրջ ակնկալիքներ ունենք»: ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ներկայացուցիչը նաեւ նախատեսեց, որ «պայքարը լինելու է սուր»: Իսկ պատասխանելով այն հարցին՝ թէ «կը լինե՞ն յետ–ընտրական բախումներ, թէ՞ ո»չ, ան դիտել տուաւ.– «Ինչպէ՞ս կարող եմ ասել։ Բայց դատելով, թէ իշխանութիւնները ինչպէ՛ս զոռով փորձում են անցկացնել «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մասին» օրինագիծը, հետեւաբար իշխանութիւնը դա չի բացառում»։
Յոռեգոյն այդ բեմագրութեան՝ նոր «Մարտի Մէկ»ի վտանգը չբացառելով հանդերձ, 2012ի ընտրութեանց պարագային զգալի է մեծապետական աշխարհին «ընդունելի ընտրապայքար» մը հրամցնելու ՀՀ նախագահի… «հաստատակամութիւն»ը։
Իսկ այդ առաջադրանքը «յաջողութեամբ» ի կատար ածելու համար, Սերժ Սարգսեան քաղաքական գործիչը ամէն միջոցի եւ քայլի կը դիմէ արդէն, որպէսզի ՀՀ նախագահի իր հասողութեան ենթակայ պետական եւ հանրային բոլոր հաստատութիւններն ու կառոյցները ծառայեցնէ սեփական դիրքերու վերահաստատման եւ ամրապնդման՝ այսպէս կոչուած «քաղաքակիր»չ ու «ժողովրդավարական» խաղականոնները յարգելու… ցուցադրական նախաձեռնութիւններով։
Բայց ինչպէս որ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Երկիր» դիտել կու տայ, «Ընտրութիւնների նախաշեմին իշխանական ուժերն իսկական մրցավազք են սկսել հանրային հատուածին քաղաքականութիւն ներքաշելու, կուսակցականացնելու ուղղութեամբ, որով նաեւ ընդդիմադիր առանձին ուժեր են վարակւում: Սակայն Հայաստանում ոչ թէ հանրային հատուածը քաղաքականացնելու, այլ քաղաքականութիւնը հանրայնացնելու, հասարակական սպասումների ու ակնկալիքների վրայ ամրակցելու պահանջարկ կայ»։
Նման պահանջարկի գոյութեան եւ, աւելին, ուժեղացման կ՚անդրադառնայ անշուշտ այսօրուան իշխանաւոր ճամբարը։ Բայց որովհետեւ ընտրած է իր իշխանութիւնը վերարտադրելու ուղին, ամէն գնով պիտի քալէ հակառակ ուղղութեամբ՝ ՀՀ նոյնինքն հանրային մարզի բովանդակ ներուժը լծելու համար, ի նպաստ «Հանրապետական»ի յաղթանակին ապահովման, «ազատ եւ արդար ընտրութեանց» բեմականացումին։
Հայոց Ազգի ու Պետութեան վաղուան պայծառ օրուան ի վնաս ծանրակշիռ խարդաւանք մը կը բեմադրուի այսպէ՛ս, «քաղաքակիր»չ ու «ժողովրդավարական» դիմակահանդէսով։
Եւ դիպուկ է ախտաճանաչումը «Հայոց Աշխարհ» թերթին, որ ընտրացուցակներու «շնորհանդէսին» առիթով կ՛ընդհանրացնէ՝
– «Թռուցիկ դիտարկումն անգամ ակնյայտ է դարձնում, որ ներկայ առաջադրումների հիմնական առանձնայատկութիւնը ոչ թէ ընտրացուցակների մէջ նոր անունների եւ հասարակութեան հետաքրքրութիւնը շարժող դէմքերի շատ թէ քիչ զգալի թուաքանակն է, այլ առաջատար ուժերի նախընտրական ցանկերում լայնօրէն ներառուած «լեգիոներների» առկայութեան փաստը։ Նրանք համեմատաբար փոքր կուսակցութիւնների առաջին դէմքերն են, որոնք հնարաւորութիւն չունենալով ինքնուրոյնաբար սեփական՝ «փոքր ցուցակներով» անցնել խորհրդարան, ներառուել են այս կամ այն կուսակցութեան «մեծ ցուցակ»։ Դրանով ստեղծւում են որոշակի պայմաններ ու նախադրեալներ յստակեցնելու Հայաստանի քաղաքական դաշտը, քանի որ նման «ներառումները» կուսակցութիւնների մերձեցման եւ աստիճանական միաձուլման գործընթացի սկիզբն են, ինչը միանգամայն օրինաչափ ու անհրաժեշտ զարգացում է»։
Արդեօք իրապէս աւարտա՞ծ է ազգային ժողովի ընտրութիւնը… դեռ չսկսած։
Պատասխանի իրաւունքը կը պատկանի հայրենի ընտրողին։