ԵՐԵՒԱՆ, «Ժողովուրդ».- Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ «Եւրանես»չի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամներէն ոչ մէկը իր մասնակցութիւնը բերէ 2-5 Ապրիլին Պաքուի մէջ կայանալիք լիագումար նիստին։ «Ժողովուրդ»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, կին պատգամաւորները՝ Նայիրա Զոհրաբեանն ու Լիլիթ Գալստեանը, չեն ուզած մասնակցիլ՝ անվտանգութեան նկատառումներով: Թէեւ եւրոպացի դիւանագէտները խոստացած էին այդ հարցը լուծել։
Նայիրա Զոհրաբեանը, սակայն, նոյն թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին իր չմասնակցելուն համար պատճառաբանած է նախընտրական շրջանի բազմազբաղութիւնը։ Պատուիրակութեան արական սեռի պատկանողները՝ ՀՅԴէն Վահան Յովհաննիսեան, ՀՀԿէն Յովհաննէս Սահակեան, Արտակ Զաքարեան ու Սաշիկ Սարգսեան, պիտի չմասնակցին քանի մը պատճառներով։ Նկատի ունենալով, որ նիստը Պաքուի մէջ է, ուրեմն իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորուած չէ. կայ նաեւ այն, որ Հայաստանի մէջ նախընտրական բաւական աշխոյժ եւ լարուած հանգրուան է։
Յովհաննէս Սահակեան չէ հերքած թերթին տեղեկութիւնները, բայց աւելցուցած է, որ իրենց չմասնակցելու պարագան տակաւին վերջնականացուած չէ։