
Իշխանական ընտրանիէն եւ ՀՀԿ ընտրական փոխնախագահներէն միայն Միքայէլ Մինասեանի՝ Սերժ Սարգսեանի փեսայի անունը չկայ ՀՀԿ ցանկին վրայ։ «Հրապարակ»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ մէկը պատահական չէ, ոչ ալ կանխաւ մտածուած: Պարզապէս Մինասեանը՝ ցանկը տեսնելէ ետք կտրականապէս հրաժարած է անոր մաս կազմելէ՝ չուզելով, որ իր անունը այդ անուններուն կարգին ըլլայ։ Տակաւին յստակ չէ, թէ նման քայլի մը հետեւանքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ անոր ճակատագիրին վրայ։ Նշենք նաեւ, որ ՀՀԿի ընտրացանկին նկատմամբ դժգոհութիւններուն ալիքը հետզհետէ աւելի կը բարձրանայ։