ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան տապան».- 22 Մարտին՝ երեկոյեան ժամը 6ին, արդէն վերջ գտած էր խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնական եւ համամասնական ընտրակարգերով թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտը։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անդամ Սիլվա Մարկոսեան յայտնած է, որ համամասնական ընտրակարգով առաջադրման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր ներկայացուցած են 8 կուսակցութիւններ եւ կուսակցութիւններու 1 դաշինք:
Համամասնական ընտրակարգով, ի լրումն նախապէս առաջադադրուած Հայաստանի Դեմոկրատական, Կոմունիստական եւ «Միաւորուած հայեր» կուսակցութիւններուն, 22 Մարտին թեկնածութիւն առաջադրած են Հայաստանի Հանրապետական, «Բարգաւաճ Հայաստան», «Օրինաց երկիր», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը՝ «Հայ Ազգային կոնգրես» դաշինքը:
Մեծամասնական ընտրակարգով թեկնածուներու առաջադրման դիմումներ ներկայացուած են 41 ընտրատարածքներու մէջ՝ թէ՛ քաղաքական ուժերու որոշումով, եւ թէ ինքնաառաջադրման կարգով:
Թեկնածուներու արձանագրութեան վերջնաժամկէտը 1 Ապրիլ է։