ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 22 Մարտին ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ (Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքններու գրասենեակը) պիտի սկսի 6 Մայիսին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններու դիտորդական իր առաքելութեան:
22 Մարտին լրագրողներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Ռատմիլա Շեքերինսքա նշեց, որ պատուիրակութիւնը բաղկացած է Երեւանի մէջ տեղակայուած 13 միջազգային փորձագէտներէ, որոնք գործուղուած են 12 մասնակից երկիրներէ:
«Երեւան ժամանած պատուիրակութեան կորիզի՝ 13 մասնագէտներուն համար կարեւոր են միայն փաստերը։ Անոնք կը գնահատեն ընտրութիւններու համապատասխանութիւնը ժողովրդավարական ընտրական գործընթացներու սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ՝ ԵԱՀԿ բոլոր անդամ երկիրներու ստանձնած պարտաւորութիւնները», նշեց ան:
Ըստ առաքելութեան ղեկավարին, յաջորդ շաբաթ Հայաստան կը ժամանեն երկարաժամկէտ կարգավիճակով 24 դիտորդներ, որոնցմէ իւրաքանչիւր գոյգ կ՛ուղղուի համապատասախան տարածք: Նաեւ պիտի կազմուի 250 կարճաժամկէտ կարգավիճակով դիտորդներու խումբ, որ Հայաստան պիտի հասնի ընտրութիւններուն նախորդող օրը եւ կրկին երկու հոգինոց զոյգերով պիտի ուղեւորուին իրենց համար ճշդուած տարածքներ, որպէսզի հետեւին քուէրակութեան գործընթացին։ Ի տարբերութիւն, կարճաժամկէտ կարգավիճակով գործող խումբին, աւելի երկարաժամկէտ եւ կորիզ կազմող խումբի իր առաքելութիւնը ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք չ՛աւարտեր, այլ կը մնայ եւ կ՛ամփոփէ տուեալները: