
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ռազմական թեւի ղեկավար Մուրատ Քարայիլան Հինգշաբթի, Մարտ 22ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ազդարարած է, թէ «ամբողջ Քիւրտիստանը» պատերազմական գօտիի մը պիտի վերածուի, եթէ Թուրքիա որոշէ ներխուժել «արեւմտեան Քիւրտիստան»՝ ակնարկելով Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն:
Թուրքիա, որ վերջերս հաստատած է, թէ Սուրիոյ հարցով քննուող կարելիութիւններէն մէկն է Սուրիոյ մէջ «ապահովական գօտի»ի մը ստեղծումը, իր կարգին, քիւրտ անջատողականներուն օժանդակութիւն չտրամադրելու կապակցութեամբ ազդարարութիւններ կատարած է Սուրիոյ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կը նկատէ օրինական նախագահ մը, որ իր երկրին ապահովութեան եւ կարգ ու կանոնի պահպանման յանձնառու է: Փեսքով «Պի.Պի.Սի.» կայանին յայտնեց, որ կարելի չէ Սուրիոյ ներքին տագնապի կողմերէն մէկուն գործած բռնարարքները քննարկել՝ անտեսելով միւս կողմին արարքները:
Ուրբաթ օր Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յաւելեալ պատժամիջոներ որդեգրեցին Ասատի եւ անոր ընտանեկան պարագաներուն դէմ:
Յայտնենք, թէ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Շաբաթ օր Մոսկուա պիտի այցելէ՝ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ որոշած է հանդիպում ունենալ նաեւ սուրիական ընդդիմութենէն պատուիրակութեան մը հետ:
Մինչ այդ, Անանի օգնական յանձնախումբը Դամասկոսէն մեկնած է Հինգշաբթի օր, եռօրեայ խորհրդակցութիւններէ ետք, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ Հիլըրի Քլինթըն պիտի մասնակցի Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 1ին կայանալիք «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին:
Նաեւ, թրքական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ թրքական իշխանութիւնները սկսած են Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ վրաններու տակ բնակող սուրիացի գաղթականները փոխադրել Քիլիսի եւ Այնթապի մօտ կառուցուած տնակներ: Անոնք ցարդ 1500 գաղթականներ տեղափոխած են: