ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Ուրբաթ, Մարտ 23ին հաղորդած է, թէ Ղալաթիոյ Յունական վարժարանի շէնքը՝ իր յարակից խանութներով, պաշտօնապէս վերադարձուած է յոյն համայնքին՝ իրականացնելով անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները վերադարձնելու նոր որոշումին առաջին քայլերէն մէկը։ Յունաց վարժարանը հիմնուած էր 1853ին: Շէնքն ու չորս խանութները պիտի գործածուին իբրեւ մշակութային կեդրոն, իսկ վերնայարկը, որ նախապէս նախակրթարան էր, պիտի վերածուի մանկական թանգարանի մը։ Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ ծագումով յոյն է, յիշեցուց, որ ուրիշ կալուածներ եւս պիտի վերադարձուին. անոնց շարքին՝ Մարտինի ասորի կաթոլիկներուն պատկանող չորս կալուածներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.