ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Վիեննայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Եւրոպայի մէջ «ցեղապաշտութիւնը հասած է վախազդու համեմատութիւններու»։ Ան նշած է, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր այն ոճիրներուն, որոնք կը կատարուին Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, կամ՝ ցեղապաշտ այն զարգացումներուն, որոնք տեսանելի են զանազան երկիրներէ ներս, կարեւոր նկատելով ցեղապաշտութեան ծաւալումը կանխելու նպատակով քայլերը: Ան ըսած է, թէ Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Աւստրիա ապրող մօտաւորապէս 260,000 թուրքերը կարենան քայլ պահել երկրի կեանքին հետ։ «Կ՛ուզենք, որ անոնք թէ՛ պահեն իրենց ինքնութիւնը եւ թէ յարմարին այդ երկրի կեանքի պայմաններուն», ըսաւ ան։
Միաժամանակ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն հակադարձած է Միացեալ Նահանգներու միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնաժողովի (USCIRF) զեկոյցին մէջ Թուրքիոյ հասցէին կատարուած քննադատութեանց: Զեկոյցին մէջ Թուրքիան դասուած էր կրօնական ազատութիւնները սահմանափակող երկիրներու շարքին: Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ թէեւ զեկոյցը կազմուած է անկախ մարմինի մը կողմէ, սակայն, «իրականութեան մէջ զայն պատրաստողները քաղաքական տարբեր շահեր հետապնդող քաղաքական գործիչներ են»:
Զեկոյցին մէջ, կրօնական ազատութեանց սահմանափակումներուն իբրեւ օրինակ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ 65 հազարի հասնող հայկական համայնքը միայն 26 հոգեւորական ունի՝ պետական սեղմումներուն պատճառով: