ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական Իտալիոյ մէջ գտնուող Ռիէթի քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի, Մարտ 20ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որուն մէջ քաղաքը կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Իտալիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Մեթաքսիա Վանոյեան այս տեղեկութիւնը փոխանցած է ֆրանսական «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթին՝ աւելցնելով, թէ Ռիէթի քաղաքը ունի շուրջ 48 հազար բնակչութիւն:
Այս տարուան Փետրուարի 18ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը վաւերացուցած էր նաեւ իտալական Թորինօ քաղաքը:
Նաեւ, Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովը կը պատրաստուի Իտալիոյ խորհրդարանին ներկայացնելու Ապրիլի 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու վերաբերեալ բանաձեւ մը: