
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ.- Հայ Քոյրերու վարժարանը գեղեցիկ աւանդութիւն ըրած է ամէն տարի պատուել 5րդ դասարանի աշակերտներուն մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Ամբողջ ամսուան ընթացքին աշակերտները գրեցին իրենց մեծ ծնողներուն մասին, ապա գրութիւնները զետեղեցին պատկերազարդ յուշատետրին մէջ եւ ընտանեկան ծառ պատրաստեցին:
Մարտ 8ը յիշատակելի օր հանդիսացաւ բոլորին համար: Նախ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Քոյր Էմմա Մուսայեանը, իր բացման խօսքը ուղղեց մեծ ծնողաց եւ ըսաւ, թէ անոնք են սիւնը ընտանիքին, անսասան ծառը՝ որ շուք կու տայ ընտանիքի անդամներուն. անոնք են որ կը թրծեն սէրը Աստուծոյ եւ կը սորվեցնեն իրենց թոռնիկներուն կեանքի արժէքները: Ապա աշակերտները բեմ ելան իրենց սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնները յայտնելու իրենց մեծ ծնողներուն՝ այն բարիքներուն համար, զորս վայելած են անոնցմէ: Ամէն աշակերտ առիթը ունեցաւ իր մեծ ծնողաց խօսք ուղղելու եւ նուիրելու յուշամատեանը: Բոլորին աչքերէն ուրախութեան արցունքներ կը հոսէին՝ ի տես իրենց թոռնիկներուն եւ անոնց գորովալիր խօսքերուն: Անոնք պարեցին, երգեցին եւ նուագեցին իրենց մեծ ծնողաց համար:
Այս անմոռանալի ելոյթի աւարտին, Արփի Մինասեան գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեց հայերէնի ուսուցչուհի Թամար Փանոսեանին, որ մեծ սիրով ու խնամքով պատրաստած էր սոյն հանդիսութիւնը, եւ ծնողներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ բծախնդրութեամբ դրոշմած էր պզտիկներու սիրտերուն մէջ երախտագիտութիւն ու յարգանք՝ հանդէպ իրենց մեծ ծնողաց:
Ապա ամէն ոք կերաւ համեղ ճաշերը, զորս պատրաստած էին հինգերորդ դասարանի ծնողները, ու զուարճալի ժամանակ անցուցին միասին:
Վարձքերնիդ կատար, Հայ Քոյրերու վարժարանի դաստիարակնե՛ր:
Երկար ու առողջ ապրիք, սիրելի՛ մեծ ծնողներ:
(թղթակցութիւնը վարժարանէն)