ԼԱ ՔԱՆԻԱՏԱ.- Արա Ասլանեան վերջերս ընտրուած է Լա Քանիատայի համայնքային կեդրոնի նախագահ: Ասլանեան, որ նաեւ նախագահն է տեղեկատուական արհեստագիտութեան «Inverselogic» հիմնարկին, խոստացած է աւելիով զարգացնել կեդրոնը՝ զայն պահելով համայնքի երիտասարդութեան համար հաճելի հանդիպումներու վայր մը:
Ասլանեան 2009ի Մարտէն ի վեր Լա Քանիատայի համայնքային կեդրոնի վարչութեան անդամ է: Ան անցեալին մաս կազմած է նաեւ ՀՄԸՄի ու «Հայաստան» հիմնադրամին: