
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան գրասենեակին հաղորդած լուրերուն համաձայն, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ մնայուն ներկայութիւն է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ Գրասենեակը այս մասին ակնարկեց՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի 2-3 Ապրիլին Հայաստան կատարելիք այցելութեան մասին տեղեակ պահելով։
Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ռուսիա կ՛ողջունէ հակամարտութեան կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ Հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումը արագացնելու իբրեւ հիմք ունենալով ցարդ տարուած աշխատանքը։ Բոլոր պարագաներուն, Ռուսիա միշտ պատրաստակամ է նպաստելու այս գործընթացին՝ եռակողմանի ձեւաչափով (Հայաստան-Ռուսիա-Ատրպէյճան), ինչպէս նաեւ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր։
Նախարար Լաւրովի Հայաստան այցելութիւնը նուիրուած Է երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակին. նախատեսուած է, որ ան հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 3 Ապրիլ 1992ին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին արձանագրութեան կնքումը «դարձած Է հայ- ռուսական պատմական կապերու զարգացման նոր՝ արդի իրականութեան վրայ հիմնուած հանգրուանի կարեւոր ուղենիշ»:
«Այսօր Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ են անմիջական, արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ։ Այդ մէկը թոյլ կու տայ երկուստէք շահաւէտ հիմքերու վրայ լուծելու համագործակցութեան հրատապ հարցերը, համակարգելու դիրքորոշումները՝ միջազգային քաղաքականութեան հանգուցային խնդիրներու շուրջ: Ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն հզօր ազդակ հաղորդեցին 19-20 Օգոստոս 2010 թուականին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Հայաստան այցելութիւնն ու 23-25 Սեպտեմբեր 2011ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ռուսիա տուած պետական այցելութիւնը»։
Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակուի տարբեր բնագաւառներու մէջ՝ կազմուած համապատասխան յանձնախումբերու, միջխորհրդարանական մարմիններու միջոցով։ Ռուսիա կը պահպանէ Հայաստանի առաջատար գործընկերոջ դիրքը՝ արտաքին տնտեսութեան բնագաւառին մէջ։ Արդարեւ, 2011 թուականին երկկողմ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած Է շուրջ 1 միլիառ տոլար, որ հետագային աւելնալու հեռանկարներ ունի։
Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ռուսական դրամագլուխով կատարուած ներդրումները գերազանցած են 2.8 միլիառ տոլարը, այսինքն՝ անոնք կը կազմեն Հայաստանի մէջ օտար երկիրներէ եղած ներդրումներուն 60 առ հարիւրը։ Հայաստանի մարզերուն եւ մայրաքաղաք Երեւանի հետ կան ուղղակի տնտեսական եւ այլ յարաբերութիւններ: Մոսկուան եւ Երեւանը կառուցողական համագործակցութիւն հաստատած են ԱՊՀի, ՀԱՊԿի, Եւրազէսի ձեւաչափերով: Հայաստան ստորագրած է Ազատ առեւտուրի գօտիի մասին պայմանագիրը, հետաքրքրութիւն կայ եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի եւ համագործակցութեան նոր ձեւերու որդեգրման նկատմամբ:
Ըստ նախարարութեան, ընդհանուր եւ յատկապէս տարածաշրջանային օրակարգային հիմնական հարցերու շուրջ արտաքին արդիւնաւէտ քաղաքական ուղղուածութիւն կայ երկու երկիրներուն միջեւ, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ընդմէջէն՝ ՄԱԿի, ԵԱՀԿի, Եւրախորհրդի, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան եւ այլն։