ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յուլիս 19ին. այս մասին Հինգշաբթի, Մարտ 29ին հաղորդեց ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ)՝ ըստ նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի հերթական լիագումար նիստին վաւերացուած որոշումին:
ԿԸՅը յատուկ նիստ մը պիտի գումարէ, հաստատելու համար ընտրութիւններու կայացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը:
ԼՂՀ նախագահական նախորդ ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 2007ի Յուլիս 19ին. անոնց ընթացքին նախագահ ընտրուած էր Բակօ Սահակեան: Այս քուէարկութեանց հետեւած էին 100է աւելի միջազգային դիտորդներ՝ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Մակեդոնիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Չեխիայէն, Յունաստանէն եւ Ամերիկայէն: Անոնք ընտրութիւնները գնահատած էին իբրեւ միջազգային չափանիշերու համապատասխանող:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Ատրպէյճան նոյն օրն իսկ դատապարտեց այս որոշումը, երկրի նախագահին հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժինի ղեկավար Ալի Հասանովի բերանով:
«Ատրպէյճան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անջատողականներուն այսպէս կոչուած՝ ընտրութիւնները», յայտարարեց ան, աւելցնելով, թէ նման քայլեր վնաս կը հասցնեն ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին: