
29 Մարտին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան յայտնած է, որ, ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն, Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վիժեցնելու նպատակով նախորդ տարուան ընթացքին Թուրքիա ծախսած է 100 միլիոն տոլար:
Անոր համաձայն, այսօր Ֆրանսայի մէջ կայ թրքական յստակ վտանգ, եւ հայ համայնքին անվտանգութիւնը եւս խնդրոյ առարկայ է։
«Մենք լաւ կը ճանչնանք թուրքը, մանաւանդ որ ան ոչ մէկ ձեւով փոխուած է։ «Թալէաթ փաշա» կազմակերպութիւնը Փարիզի մէջ կայացուց 25 հազարնոց ցոյց, որ ֆրանսական պետութեան համար յստակ փաստ դարձաւ տարիներ շարունակ մեր ըսածներուն ճիշդ ըլլալուն, թէ՝ թուրքը նոյն փողոցայինն է, քաղաքակիրթ կեցուածքէ զուրկ է եւ ազգայնական ոճով կը շարունակէ ներկայանալ՝ յստակ հակահայ մոլուցքով», ըսաւ Հ. Վարժապետեան։
Ան դիտել տուաւ, որ ֆրանսացի ժողովուրդին 80 առ հարիւրը կը համակրի հայութեան, բայց այսօր Ֆրանսան բաժնուած է երկուքի՝ հայամէտ եւ թրքամէտ. հայամէտները համոզուած մարդիկ են, բարոյական տրամաբանութեան մօտեցումներով, իսկ թրքամէտները հիմնականին մէջ կաշառուած են եւ կը հակասեն Ֆրանսայի դիմագիծին:
Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը նշեց, որ այսօր հայութիւնը պետական մակարդակով թրքական հակահայ քարոզարշաւին պատասխանելու, անոր վերջ տալու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կանգնած է, այլապէս հայերը ոչ նախանձելի իրավիճակի մէջ պիտի գտնուին։
«Թրքական պետութեան այս քայլերուն դէմ մենք համապատասխան քայլեր կ՛ակնկալենք հայութեան կողմէ, որովհետեւ թրքական պետութիւնը իր ամբողջ ուժով լծուած է հայկական սփիւռքը եւ յատկապէս Ֆրանսայի հայ համայնքը քաղաքականապէս ոչնչացնելու գործին», նշեց Հ. Վարժապետեանը:
Անոր համաձայն, օրինագիծին ոդիսականը ցոյց տուաւ, որ բարոյական յաղթանակը հայերուն կը պատկանի, բայց եւ այնպէս Սահմանադրական խորհուրդը տուրք տուաւ կաշառակերութեան ու թրքամէտ տրամադրութիւններուն:
«Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան համարժէք հակաթուրք քաղաքականութիւն չենք վարեր, եւ գոյութիւն ունեցող տխրահռչակ արձանագրութիւնները, որոնց տակէն Հայաստան իր ստորագրութիւնը յետս չկոչեց, կը հարուածեն Հայաստանի շահերուն», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ նկատմամբ հայկական քաղաքականութիւնը շատ աւելի յարձակողական եւ ծանր պէտք է ըլլայ, մանաւանդ որ մենք պահանջատէրն ենք:
«Ինքը՝ յափշտակողը, ցեղասպանը, անամօթաբար յարձակողական քաղաքականութիւն կը ծաւալէ, իսկ մենք կրաւորական կը մնանք», ցաւ յայտնեց Վարժապետեան:
Ան աւելցուց, որ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասնեակը միշտ դէմ եղած է Թուրքիոյ կողմէ Ֆրանսայի ներքին քաղաքական կեանքին միջամտութեան։ «Այդ մէկը Ֆրանսայի ներքին հարցն է, եւ մեզի համար անընդունելի է, նշեց Հրաչ Վարժապետեան։