
Ըստ ռուսական Argument.ru կայքէջին, Ատրպէյճանի սահմանամերձ Տաղստան շրջանին մօտ, Ռուսիա վերջին օրերուն տեղադրած է ստուարածաւալ բանակային զօրք, որ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ բաղկացած է 25 հազար զինուորներէ, ծանր հրետանիներու 300 միաւորներէ, որոնց շարքին՝ «T-90» հրասայլեր եւ հրթիռային համակարգեր:
Զօրքերու այդպիսի աննախընթաց տեղակայման քայլը շարք մը վարկածային վերլուծումներու պատճառ դարձած է քաղաքական վերլուծաբաններու համար: Ըստ Argument.ru-ի՝ Տաղստանի բնակիչները, որոնք հարազատներ ունին Ատրպէյճանի մէջ, կը պնդեն, թէ այս տարուան ամրան Պաքուն կրնայ զինուորական յարձակումի ձեռնարկել Ղարաբաղի դէմ, եւ մարտական զօրամիաւորումներու տեղակայումը Ատրպէյճանի սահմանին մօտ՝ Ռուսիոյ նախազգուշացումն է Պաքուին, որպէսզի Ատրպէյճան նման քայլի չդիմէ:
Ըստ ամերիկեան բանակի Ծովային հետախուզութեան նախկին անդամ Ճենիֆըր Տայըրի, ռուսական զօրամասերու նման հսկայածաւալ կեդրոնացման նպատակը Ատրպէյճանի մէջ զինուորական ռատարի կայանի հարցով ռուսական ճնշումն է: Նշենք, որ Ատրպէյճանի մէջ Կապալայի զինուորական կայանը վարձակալած Մոսկուային համար անընդունելի կը նկատուի Պաքուի այն որոշումը, որ կը միտի կայանի վարձակալման գինը տարեկան 7 միլիոն տոլարէն բարձրացնել 300 միլիոն տոլարի: Նոյն զինուորական մասնագէտին կարծիքով՝ Մոսկուայի այս քայլը կ՛առնչուի նաեւ Իրանի կորիզային կարողականութիւնը հարուածելու միտող իսրայէլեան օդային յարձակումի մը հաւանականութեան հետ:
Միւս կողմէ, Bloomberg լրատուական գործակալութեան businessweek.com կայքէջին համաձայն, Տաղստանի ինքնավար մարզի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վաչեսլաւ Մահմուտով հաստատած է, որ ռուսական զօրամիաւորումներու տեղակայումը ժամանակաւոր է եւ զինուորական այդ գործողութիւնը կը նպատակադրէ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարը համակարգել: