– Պոլիսէն դէպի Իրան ճամբայ ելած փոխադրակառք մը Մարտ 30ին ենթարկուած է արկածի մը, որուն հետեւանքով առնուազն երկու հոգի մահացած է եւ վիրաւորուած են քանի մը ուրիշներ, որոնք տեղափոխուած են Էրզրումի հիւանդանոցը:
– Ատանայի մէջ Մարտ 30ին ձերբակալուած են երկու կասկածելիներ, «Քայիտա»ին անդամակցելու ամբաստանութեամբ:
– Վրաստանը Եւրոմիութեան անդամագրելու գաղափարին կ՛աջակցի երկրի բնակչութեան 74 տոկոսը, իսկ ՆԱԹՕի անդամակցութեան՝ 70 տոկոսը, ըստ Կովկասի հետազօտութիւններու կեդրոնին կատարած հարցախոյզին, որուն մասնակցած են 3141 վրացիներ: