ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի բանակին մէջ Ուրբաթ, Մարտ 30ին տեղի ունեցած զինեալ միջադէպի մը ընթացքին, զինուոր մը կրակ բացած է իր զինակիզներուն վրայ՝ սպաննելով անոնցմէ մէկը եւ վիրաւորելով երկու ուրիշներ, որմէ ետք ան անձնասպանութեան դիմած է:
Դէպքը տեղի ունեցած է Թարթառի շրջանի «N» զօրամասին մէջ: