ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ 1909էն մինչեւ այսօր սպաննուած են 112 լրագրողներ եւ անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հայեր ու քիւրտեր։ «Ձերբակալեալ լրագրողներու համերաշխութեան հարթակ» կազմակերպութեան մամլոյ բանբեր Նեճաթի Ապայ ներկայացուցած է 1909էն մինչեւ այսօր սպաննուած լրագրողներուն ցանկը՝ ըսելով, թէ Թուրքիոյ մէջ սպաննուած առաջին լրագրողն է Հասան Ֆեհմի, որուն մահուան օրը՝ Ապրիլ 6ը, կազմակերպութիւնը կը նշէ որպէս «սպանեալ լրագրողներու յիշատակի օր»։
Ըստ Ապայի, լրագրողներու մեծամասնութիւնը սպաննուած է 1970-1990ական թուականներուն։
Հայ գրողներու եւ լրագրողներու մեծամասնութիւնը սպաննուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին՝ միակ բացառութիւնը ըլլալով Հրանդ Տինքը, որ Թուրքիոյ մէջ սպաննուած 33րդ հայազգի լրագրողն է:
24 Ապրիլ 1915ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած ու աքսորուած 220 հայ մտաւորականներուն մէջ կային 32 լրագրողներ ու գրողներ։ Անոնք բոլորն ալ սպաննուեցան աքսորի ընթացքին՝ Գրիգոր Զօհրապ, Սիամանթօ, Սարգիս Մինասեան, Արմէն Տորեան, Ռուբէն Զարդարեան…։ Անոնցմէ շատերուն գերեզմանն իսկ անյայտ է։ «2007ին սպաննուած Հրանդ Տինքը այդ թիւը 33ի բարձրացուց», նշած է Նեճատի Ապայ։