
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, շարունակելով պատասխանել Քոնկրեսի մէջ կիսատ մնացած իր հարցաքննութենէն ետք ներկայացուած գրաւող հարցումներուն՝ խոստացած է յաւելեալ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած եկեղեցիներու եւ կրօնական կալուածներու վերադարձը ապահովելու նպատակով՝ միաժամանակ չափազանց գովաբանելով հայերէն եւ այլ փոքրամասնութիւններէ գրաւուած կալուածներուն ջնջին մէկ բաժինը վերադարձնելու գծով Անգարայի առած քայլերը: Այսպիսով, Քլինթըն կը պատասխանէր քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմընի հարցումին:
«Քալիֆորնիոյ եւ համայն ամերիկահայերուն անունով շնորհակալութին կը յայտնենք քոնկրեսական Պըրմընին՝ այս կենսական հարցը արտաքին գործոց նախարարին ներկայացնելուն համար», կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Վերջին տարիներուն ընթացքին, Ամերիկա-Հայաստան առեւտրական յարաբերութիւններուն շնորհիւ ձեռք բերուած յառաջընթացին մասին Պըրմընի մէկ այլ հարցումին պատասխանելով՝ Քլինթըն ընդգծած է, որ տնտեսական հարցերով Հայ-ամերիկեան միացեալ աշխատանքային խմբակին (USATF) ջանքերը, որոնցմով ամրագրուած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու սկզբունքները, յոյժ կարեւոր են, սակայն ան անտեսած է այն իրողութիւնը, որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին ամերիկեան կառավարութիւնը յատկանշական քայլերու չէ դիմած տնտեսական կապերը դիւրացնելու եւ զանոնք աւելիով սերտացնելու համար: