ԱՆԳԱՐԱ, «Պի.Պի.Սի.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին իր պատմական օրերէն մէկը ապրեցաւ, երբ 1980ի պետական հարուածի գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքին դատավարութիւնը սկսաւ: Դատավարութիւնը Հինգշաբթի օր եւս շարունակուեցաւ եւ դատախազութիւնը պահանջեց, որ ամբաստանեալները դատարան ներկայանան:
Առաջին երկու օրերու նիստերուն, ամբաստանեալներ՝ նախկին նախագահ Քենան Էվրեն եւ այդ օրերու օդուժի հրամանատար Թահսին Շահինգայա, իրենց առողջական կացութիւնը որպէս պատճառաբանութիւն ներկայացնելով՝ բացակայեցան։
Էվրենի փաստաբանները նիստին սկիզբը պնդեցին, որ դատախազութիւնն ու դատարանը իրաւասութիւն չունին այսպիսի դատավարութիւն մը իրականացնելու՝ պահանջելով, որ դատը չեղեալ նկատուի, սակայն դատարանը հաստատեց, թէ իրաւասու է այսպիսի դատ մը իրականացնելու՝ մերժելով պաշտպան փաստաբաններուն առաջարկը։
Ատեանը ամբաստանեալներուն բժշկական տեղեկագիրները պահանջեց՝ քննելու համար կարելիութիւնները դատը անոնց բացակայութեան շարունակելու եւ ամբաստանագիրը անոնց ներկայութեամբ կարդալու: